Օսքարակիր Հնդիկ Բեմադրիչը Ֆիլմ Պիտի Նկարահանէ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


«Փանարմինիըն»․- Յայտնի հնդիկ բեմադրիչ Շեքհար Քափուրի, որուն «Էլիզապեթ» ֆիլմը արժանացած է Օսքարի, ֆիլմ պիտի նկարահանէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Միշելին Ահարոնեան Մարքոմի «Երկինքէն 3 խնձոր ինկաւ» վէպի հիման վրայ: Վէպի հիմնուած է գրողի տատի յիշողութիւններուն վրայ։ Ան Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերէն է:

Գիրքը հրատարակուած է 2001ին եւ արժանացած է Միացեալ Նահանգներու գրաքննադատներու ամենաբարձր գնահատականներուն, արժանացած է Քոլումպիայի համալսարանի Հայկական կեդրոնի «Անահիտ» մրցանակին:

Ֆիլմի սենարը գրած է Խոսէ Ռիվերան:

Ֆիլմին գործողութիւնը կը ծաւալի 1915-1917 թուականներուն, իրադարձութիւնները կը զարգանան պատանի փախստական աղջկայ մը շուրջ, որուն թուրք հարեւանները ապաստան կու տան անոր ծնողներուն մահէն ետք: Անոր մանկութիւնը խորտակուած է, հիմա ան կը նայի իր աշխարհի մնացորդներուն մահմետական շղարշի ետեւէն:

Քափուրներուն ընտանիքը եւս ժամանակին բախած է արտագաղթի ծանր խնդրին, երբ ստիպուած եղած է հեռանալու Տելիէն, երբ Հնդկաստանը պառակտուեցաւ:

Գլխաւոր դերի համար Քոփուր ընտրած է ամերիկահայ Սոնա Թաթոյեանը, որուն նախնիները Ցեղասպանութեան տարիներուն փախած են սուրիական Հալէպ, սակայն ստիպուած եղած են նաեւ այնտեղէն փախչիլ սուրիական հակամարտութեան պատճառով:

Արդէն թողարկուած է առաջին տեսահոլովակը անոր դերակատարումով, որպէս յիշեցում այն մասին, թէ ինչ բարդ է փախստական ըլլալ այս աշխարհին մէջ:

Սա առաջին հոլովակն է այն շարքէն, որ կը նկարահանէ Disruptive Narrative ընկերութիւնը, որ կը պատմէ համաշխարհային անարդարութեան մասին: Հոլովակը պիտի ցուցադրուի Քաննի 70րդ կինոփառատօնին:

Բեմադրիչը 2013ին եկած է Հայաստան՝ ընտրելու յարմար տեղեր նկարահանումներու համար: