Օփերայի Երգչուհի Ռուզան Մանթաշեան Փայլուն Ելոյթ Ունեցաւ SemperOpernball-ի Մէջ


Օփերայի երգչուհի Ռուզան Մանթաշեանի ելոյթը Գերմանիոյ Տրեզտենի օփերայի թատրոնին մէջ, Փետրուար 7

“Արմենփրես”,- Օփերայի երգչուհի Ռուզան Մանթաշեան հրաշալի ելոյթ ունեցած է Գերմանիոյ Տրեզտենի օփերայի թատրոնին մէջ տեղի ունեցած համերգին` «SemperOpernball»-ին, կատարելով Թաթիանայի երգը` Փիոթըր Չայքովսքիի «Եւկենի Օնեկին» օփերայէն:

Սպասուած համերգային երեկոն տեղի ունեցած է Փետրուար 7-ին` իր շուրջ համախմբելով յայտնի արուեստագէտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Մանթաշեան «Արմենփրես»-ին ըսած է. «Ուրախ եմ, որ ելոյթը կայացաւ եւ հասաւ իր տրամաբանական ու յաղթական աւարտին»:

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս Մարգարիտ Սարգսեան Մանթաշեանի ելոյթէն հատուած մը հրապարակած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, գրելով՝ «Իսկապէս փայլուն ելոյթ էր: Ապրես …. Մեր դպրոցն է»։

Համերգին հայ երգչուհիէն բացի, ելոյթ ունեցած են ջութակահար Պաւել Միլիւքովը, սոփրանօ Եուլիա Մուզիչենքոն, դաշնակահար Ալեքսանդր Քաշփուրինը, թենոր Եուսիֆ Էյվազովը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 13-ին համացանցին մէջ լուրեր տարածուած էր այն մասին, որ ազրպէյճանցի օփերային երգիչ Եուսիֆ էյվազովը «քաղաքական նկատառումներէ մեկնած»` հրաժարած էր ելոյթ ունենալ Մանթաշեանի հետ, եւ երգչուհիին ելոյթը ջնջուած էր: Համերգին կազմակերպիչները սկիզբը կը հերքէին, որ Մանթաշեանին հրաւիրած են մասնակցելու համերգին: Բանակցութիւններէն ետք ան կրկին հրաւիրուեցաւ ելոյթ ունենալու: Ի պաշտպանութիւն հայ երգչուհիին հանդէս եկան բազմաթիւ յայտնի գործիչներ, բարձրացաւ միջազգային մեծ աղմուկ: Հայաստանի խորհրդարանը նոյնիսկ նամակ հղեց Գերմանիոյ Պունտեսթակին: