Ֆեթհիէ Չեթինի եւ Կարօ Փայլանի Մասնակցութեամբ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակը Տիթրոյթի Մէջ


«Հայրենիք»․- Ապրիլ 29ին, Տիթրոյթի Պըրքլի համալսարանի ժողովասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակի ձեռնարկը, որուն եօթհարիւրէ աւելի նստարանները գրաւուած էին զանազան մօտակայ շրջաններէ ժամանած հայորդիներու կողմէ:

Ներկայ էին շրջանի հովիւներ՝ Հրանդ Գէորգեան (Սուրբ Սարգիս), Տարօն Ստեփանեան (Րէյսինի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի), Միքայէլ Պասալ (Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի), Շանթ Պարսումեան (Հայ Աւետարանական եկեղեցի) եւ Հայ Աւետարանակչական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան: Իսկ այս առթիւ, քաղաքապետ Ռիք Սնայտըր յատուկ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր, տեղեկացնելով թէ Ապրիլ 24ը պաշտօնապէս Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է:

Հաւաքին հանդիսավարն էր Հելենա Պարտաքճեան, որ պաշտօնապէս ազդանշանը տուաւ հանդիսութեան: ՀՄԸՄի սկատուական կազմը տողանցեց եւ ապա կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

Խօսք առաւ փաստաբան, գրագէտ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին, որ յատկապէս ծանրացաւ բռնի ուժով իսլամացած հայորդիներու մասին: Անի Գասպարեան թրքերէնէ հայերէնի թարգմանեց Ֆեթհիէի խօսքը:

«Վերջերս ՝ նախ մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու պատմութիւնները, եւ յետոյ, խօսակցութիւններն ու կատարուած պրպտումները իսլամացած հայ ընտանիքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մասին ՝ հսկայական ճեղքեր բացած են մէկ դար շարունակուող լռութեան մէջ: Մեծ մայրս թէեւ տարիներով լուռ էր մնացեր, բայց չէր մոռցեր անունները իր հայ մօր, հօր, մեծ հօր, եւ նոյնիսկ իրենց գիւղապետին: Կարծես այս բոլոր բաները ինքզինքին կրկնած էր, իր լռելեայն տարիներու ընթացքին, որ օր մը կարենայ խօսիլ անոնց մասին: Ասիկա պայքարի մը տեսակն է մոռացութեան դէմ մղուած», յայտնեց Չեթին եւ իր խսօքը եզրակացնելով՝ ըսաւ, որ  իսլամացած հայերուն զաւակներն ու թոռները ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ զոհը դառնալով կրկնակի արտաքսման, որովհետեւ՝ անոնք ճանչցուած են իբր անվստահելի, անարմատ եւ թափառական պիտակը կրող մարդիկ:

Տիթրոյթի Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Րաֆֆի Ուրլեան, որ իր կարգին շեշտեց, թէ տարիները կը թաւալին, սակայն պահանջատիրութեան եւ արդարութեան համար մղուելիք պայքարը կը շարունակուի: Ան շեշտեց թէ, այս ձեռնարկին առթիւ, Ֆէթհիէ Չեթինի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի ներկայութիւնը կ՛իմաստաւորեն օրուան իմաստը:

Փայլան բեմ բարձրանալով ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջենք նախ մե՛ր ժողովուրդին համար, ապա ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ որեւէ բռնարարքի անդատապարտելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր բռնարարքներու, ինչպէս կը շարունակուի այսօր Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ, ինչպէս տեղի ունեցաւ նաեւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ, որուն պատճառով մեծ կորուստներ ունեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդը: Երբ կը նշէինք Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակը, թուրք զինուորական գրասենեակի պաշտօնեան մօտեցաւ ինծի եւ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւն բառը արտասանելու պարագային, հետեւանքները վտանգաւոր կրնան ըլլան: Միեւնոյն կացութիւնը կր կրկնուէր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երբ կը պնդէի, թէ 102 տարի առաջ պատահածը ցեղասպանութիւն էր, որ կը շարունակուի առ այսօր, երբ յայտնեցի իրենց, թէ 102 տարի առաջ Թուրքիա գործեց այդ սխալը, նոյն սխալը եկէք չկրկնենք»:

Ան շեշտեց թէ դժբախտաբար ժխտողական կեցուածքը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ, եւ այս իրավիճակին լոյսին տակ, ապրող փոքրամասնութիւնները կը շարունակեն պայքարիլ:

«Ես յաճախ ուզած եմ յայտնել մեր ժողովուրդին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին ձայն չբարձրացնելն ու լռութիւնը պահելը ապահովութեան երաշխիք չեն կրնար հանդիսանալ Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդին: Միայն ժողովրդավար Թուրքիա մը ունենալու պարագային կ’ակնկալուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում », ըսաւ ան: