Ֆլորիտայի Հայ Համայնքը Անվնաս է


«Ամերիկայի Ձայն»․- «Իրմա» ծովամրրիկը Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ աւերածութիւններու պատճառ դարձած  է:

ֆլորիտայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  հայր Վարդան Ճուլֆայեան ըսած է, որ մարդիկ անվնաս են, եկեղեցին կանգուն է իր խաչով:

Նախնական տուեալներով, ծովամրրիկը լուրջ վնասներ պատճառած է, խլած է 12 մարդու կեանք: Ֆլորիտայի հարաւ-արեւելեան ափին, ուր կը գտնուի եկեղեցին, աւերածութիւնները լուրջ չեն` ինկած ծառեր, վնասուած ինքնաշարժներ եւ ապակիներ: Հայր Վարդանը արդէն խօսած է տեղի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու հետ. «Ամէն մարդ, փառք Աստուծոյ, ապահով է, այնպէս որ իրապէս մեր աղօթքը կը շարունակենք առ Աստուած, որ մարդիկ վնասներ կրած չըլլան, ամէն մարդ ապահով ըլլայ»:

Այս Կիրակի, տեղի հայ համայնքը պիտի հաւաքուի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նշելու Խաչի տօնը` Խաչվերացը, ինչպէս նաեւ միասնական ուժերով բարեկարգելու եկեղեցւոյ տարածքը: