Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17րդ Գագաթնաժողովի Ծիրէն Ներս Կազմակերպուած Մշակութային Ծրագիրները


Երեւանի մէջ  տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս իրականացուեցան մշակութային տարբեր ծրագիրներ․

◆ «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան» 
Հոկտեմբեր 7-12, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գործեց «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան»ը, ուր մասնակցեցան Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ շուրջ 30 պետութիւններ եւ գործընկեր կազմակերպութիւններ։ Անոնք ներկայացուցին իրենց ազգային մշակոյթը` ցուցահանդէս-վաճառքի ձեւով: Տաղաւարներու մէջ տեղի ունեցան նաեւ քննարկումներ, վարպետաց դասեր:

◆ Ասիլւայի անհատական ցուցահանդէսը 
Մինչեւ Հոկտեմբեր 20 Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի ձմեռնային այգիին մէջ պիտի ցուցադրուի գեղանկարչուհի Ասիլւայի անհատական ցուցահանդէսը:

◆ Հայ նկարիչներու ցուցահանդէս 
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ 7 հայ նկարիչներու, քանդակագործներու եւ լուսանկարիչներու ցուցահանդէսը:

◆ «Մենուա» խումբի համերգ 
Հոկտեմբեր 8ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենուա» խումբի համերգը: Խումբը ներկայացուց հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն:

◆ «Մխիթարեան քոյրեր եւ ընկերներ» 
Հոկտեմբեր 9ին, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Մխիթարեան քոյրեր եւ ընկերներ» խումբի համերգը, որոնք ներկայացուցին հայկական ժողովրդական եւ  աւանդական երաժշտութիւն:

◆ «Մանոն» օփերա 
Հոկտեմբեր 10ին, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ներկայացուեցաւ Ժ. Մասնէի «Մանոն» օփերան:

◆ «Գիրք եւ գինի» 
Հոկտեմբեր 10ին, Կ. Ստանիսլաւսքիի անուան ռուսական դրամատիկական թատրոնին մէջ բացուեցաւ «Գիրք եւ Գինի» խորագիրը կրող ցուցահանդէս-վաճառքը: Անիկա բաղկացած էր երկու մասէ` ցուցահանդէս, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու պատմութիւնը եւ ֆրանսերէն գրքի սալոն: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կազմակերպուած էին նաեւ գիրքի շնորհանդէսներ, մասնաւորապէս` ֆրանսացի ժամանակակից գրող Լեյլա Սլիմանիի «Մեղմիկ երգը» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

◆ Թանգարաններ 
Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» խորագիրով ցուցահանդէսը:

◆ Յ. Ղեզայի «Սպանդի աստուածը» թատերգութեան բեմադրութիւնը 

Հոկտեմբեր 13ին, 14ին, 16ին եւ 20ին, Երեւանի մէջ՝ Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 18-ին, Գորիսի մէջ. Ֆրանսայի մէջ գործող «Սաթէ-աթղը» թատերական միութիւնը կը ներկայանայ Եասմինա Ղեզայի «Սպանդի Աստուածը» թատերգութեան բեմադրութիւնով: 

Տեղի կ՛ունենայ նաեւ վարպետաց դասեր, գրականական ընթերցումներ եւ այլն: