Ֆրանսայի Երեք Ձայնասփիւռներուն Կողմէ Կազմակերպուած «Ռատիօթոն»ին Սուրիահայութեան Ի Նպաստ 120 Հազար Եւրօ Հանգանակուեցաւ


Ֆրանսա, «Նոր Յառաջ»․- Փետրուար 18ին սուրիահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած «Ռատիօթոն»ին հանգանակուեցաւ 120 հազար եւրօ։ Դրամահաւաքին կը մասնակցէին Ֆրանսայի հայկական երեք ձայնասփիւռները՝ Այբ Էֆ-էմ (Փարիզ), Ռատիօ Արմենի (Լիոն) եւ Ռատիօ Ա. (Վալանս):

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հանգանակութիւնը սկիզբ առած էր Փետրուար 9ին եւ ուղղուած էր Հալէպի հայ համայնքի վերածնունդին, որ հինգ տարիէ ի վեր կը տառապի պատերազմէն։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան եւ թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ տասը օրերու ընթացքին հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի համայնքներուն հետ՝ բացատրութիւններ տալու մեր հայրենակիցներուն ապրած տառապանքներուն մասին։ Փետրուար 18ին տեղի ունեցած «Ռատիօթոն»ին Սուրիոյ ներկայացուցիչներուն կողքին կը մասնակցէին նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու բանբերներ, ինչպէս՝ CCAFը, ՀԲԸՄը, «Հայաստան» հիմնադրամը, ՀՄԸՄը, Համազգայինը, Շէնը, Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF), Երկիր եւ մշակոյթ կազմակերպութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ Տէր Գըլըճեան, Թէյրուզեան սրբազան եւ պատուելի Լեւոնեան։ Այս հանգանակութեան իրենց աջակցութիւնը բերին եւս արուեստագէտներ, ինչպէս Ժերալտ Փափազեան, երգիչ եւ երգահան Վիգէն Դարբինեան, լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան, պարուսոյց Քրիստինա Գալստեան եւ բեմադիր Ռոպեր Քէշիշեան։ Այս իւրայատուկ ծրագրին շնորհիւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը չզլացան նաեւ պատմաբաններ Անահիտ Տէր Մինասեան եւ Ռեմոն Գէորգեան, «Sigest» հրատարակչատան խմբագրապետ Վարուժան Սրապեան։