Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Բարձրաստիճան Ղեկավարութեան Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, տիկին Նունէ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հետ ներկայ գտնուեցան աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգստի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի հաշմանդամներու  պալատին մէջ (Hotel des Invalides):

Արարողութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր տիկնոջ Պրիճիթ Մաքրոնի հետ, Ֆրանսայի նախկին նախագահներ` Նիքոլա Սարքոզի եւ Ֆրանսուա Հոլանտ,  Ֆրանսայի վարչապետ Ֆիլիփ Էտուըրտ, Ֆրանսայի հասարակական, քաղաքական, մշակութային յայտնի գործիչներ, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ֆրանսայի Ազգային պահակազօրի նուագախումբի կատարմամբ նախ հնչեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային օրհներգները, որմէ ետք վարչապետ Փաշինեան եւ Էմանուլ Մաքրոն մօտեցան Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներուն ու իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին անոնց:

Ազնաւուրը առաջին երաժիշտն է, որուն պատուին տեղի կ՛ունենայ Ազգային յարգանքի տուրքի արարողութիւն:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ «Ազնաւուր այն մարդն է, որ հայու անունը հասցուց նոր բարձունքներու եւ որ հայու հպարտութեան նոր շունչ տուաւ»:

«Նաեւ այս է պատճառը, որ Շարլ Ազնաւուրին շնորհուած է Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչում: Բայց ան այդ կոչումը վաստակած է ոչ միայն երգիչի իր հանճարով, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման գործին մէջ ունեցած անուրանալի վաստակին համար», ըսաւ Փաշինեան Ազնաւուրի հոգեհանգիստի արարողութեան ժամանակ: 

Դիմելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` վարչապետը ըսաւ. «Կը ցանկամ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը արտայայտել Ֆրանսայի պետութեան եւ բոլոր ֆրանսացիներուն Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր ժողովուրդին օթեւան տալու եւ հայկական տաղանդի զարգացման բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու համար: Ֆրանսայի հայութիւնը տուած է այնպիսի անուններ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուրը, Անրի Վերնոյը, Ժորժ Կարվարենցը, Գառզուն, Ժանսեմը եւ Ֆրանսան մեր ժողովուրդի վերածնունդի սիրելի ովասիս մը դարձած է»:

Անով խօսքով` Ազնաւուրը Ֆրանսայի մեծ նուիրեալ էր, բայց նաեւ Հայաստանի մեծ պաշտպանն էր, Հայաստանի քաղաքացին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: 

«Մեծ Վարպետը կը պատրաստուէր Հայաստան այցելել յաջորդ շաբաթ, եւ անոր խոստացած էի ծանօթացնել Նոր Հայաստանի հետ, խոստացած էի, որ ան առաջին իսկ պահէն պիտի զգայ Նոր Հայաստանի յաղթանակած քաղաքացիի լաւատեսութիւնն ու ոգին: 

 «Ցաւօք, այս խոստումը չկրցայ կատարել, սփոփանքս այն է, որ Ազնաւուր այնուամենայնիւ հասցուց իր վերջին ուղերձը յղել նոր Հայաստանին` ինծի գրած նամակին մէջ ըսելով. «Սրտանց կը փափագիմ, որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը կարենայ երբեւէ դրսեւորել իր ողջ ներուժը եւ իր երազանքները իրականութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ»: 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Շարլ Ազնաւուր կ՛ուզէր ապրիլ մէկ դար, ինչի մասին խոստացած էր:

«Եւ ատիկա անոր վերջին մարտահրաւէրն էր կեանքին: Ան միշտ անյագուրդ կ՛ուզէր ապրիլ, ծիծաղիլ, երազել, բայց մահը վրայ հասաւ այդ շեմէն քանի մը տարի առաջ: Եւ մենք շատ տխրեցանք, որովհետեւ մենք վարժ չէինք, որ անոր առասպելական կամքին ինչ-որ բան կրնայ հակառակիլ: Այս դատարկութիւնը մեզի մթութիւն բերաւ: Հազարաւոր մարդոց համար ան դարման էր, ուժ էր, եւ հիմա ան մեզի ձգեց», ըսաւ նախագահ Մաքրոն:

Ան աւելցուց․ «Մենք վարժուած ենք, որ այս մարդը միշտ ներկայ ըլլայ մեր կեանքին մէջ եւ միաւորէ բոլորս: Ան դարձած էր Ֆրանսայի դէմքերէն մէկը: Մենք բոլորս Շարլ Ազնաւուր կ՛երգենք` երբեմն բառերը մոռնալով»։:

Անոր խօսքով` Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութեան մէջ կը գտնեն  ամենաթանկագին, ամենահարազատ երգերը: «Ան մեզի ապրեցուցած է իր երգերով: Հայկական ծագում ունեցող գաղթականի որդին պետութիւն էր պետութեան մէջ, հայրենիք` հայրենիքի մէջ»: 

Յիշեցնենք, որ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 6ին, երբ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սգոյ օր յայտարարուած է, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։