Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Կ՛աջակցին Էմանուէլ Մակրոնին


Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի  համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան` Մակրոնին ուղղուած նամակին մէջ, կը նշեն, որ խորհուրդը պիտի սատարէ En Marche! շարժման առաջնորդին:

«Կը ցանկանք ողջունել Փարիզի մէջ Ապրիլ 24ին ձեր կատարած այցը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան եւ շնորհակալութիւն յայտնել, որ յարգանքի տուրք մատուցեցիք Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ձեր քայլը լիովին կը տեղաւորուի ձեր ներգրաւուածութեան գիծին մէջ, մասնաւորապէս Ապրիլ 24ը Հանրապետութեան օրացոյցին մէջ ներառելու նախաձեռնութեան մէջ: Անիկա կը վկայէ զոհերու համար արդարութեան պահանջին ձեր նուիրուածութեան մասին` զոհեր, որոնք «ենթարկուած են 20րդ դարու ամենադաժան կոտորածներէն մէկուն», ինչպէս նոյն օրը նշած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Արժանապատուութեան ու մարդու իրաւունքներու այս հարցը, որուն շուրջ մեծ պայքար կ՛ընթանայ, պաշտպանութեան կարիք ունի, մասնաւորապէս, համարձակ, յառաջընթացին ու արժէքներուն նուիրուած պետական գործիչներու պաշտպանութեան կարիքը:

«Այս հարցով ձեր ներգրաւուածութիւնը, Ապրիլ 24ին ձեր կատարած քայլը, ձեզի հետ ունեցած մեր հանդիպումը, հայկական հարցի հետ կապուած ձեր արտայայտած դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դիրքերու վերականգնման ուղղուած ձեզ առաջնորդող ընդհանուր քաղաքական սկզբունքները մեզ կը համոզեն, որ դուք այդպիսի գործիչ էք: Մենք եւս համոզուած ենք, որ միաւորումը, աւանդական պառակտումներէն առաջ անցնիլն է, որ մեզի թոյլ կու տան յաղթահարել ճգնաժամերը:

«Նոյն այդ պատճառով ալ այս նամակով կը ցանկանք մեր աջակցութիւնը յայտնել ձեզի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն»,  նշուած է նամակին մէջ:

Աւելի առաջ Էմանուէլ Մակրոնին իր աջակցութիւն յայտնած էր նաեւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Մայիս 7ին պիտի կայանայ Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը, որուն անցած են Ապրիլ 23ին կայացած առաջին փուլին առաւելագոյն ձայներ ստացած երկու թեկնածուները` էմանուէլ Մակրոն եւ Մարին լը Փենը: