Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեան Թորոնթոյի Մէջ


Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան, Ֆրան­սա­յի Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ, հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղեց­ւոյ Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տո­ւի­րակ, Ս. Էջ­միած­նի Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դի ան­դամ Վա­հան Եպս. Յով­հան­նէ­սեան մաս­նա­ւոր հրա­ւէ­րով Թո­րոն­թօ ժա­մա­նած էր: Սրբա­զան հայ­րը այս պա­տեհ ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով  26 Օ­գոս­տոս 2018 Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, իր օրհ­նա­բեր այ­ցե­լու­թիւ­նը պար­գե­ւեց Ս. եր­րոր­դու­թիւն հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի, ուր Ս. պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լով իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց:

Վա­հան Սրբա­զան հրա­շա­փա­ռի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ կազ­մո­ւած թա­փօ­րի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցա: Ս. խո­րա­նին վրայ ի­րեն ա­ռըն­թե­րա­կայ էր գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի փոխա­ռաջ­նորդ, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Զա­րեհ Ա.Քհնյ ­Զար­գա­րեան, Ս. սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Բրշ. սար­կա­ւագ­ներ Գրի­գոր Թո­զա­քեան, Շահ­նուր Այ­նա­ճեան, Ռոյ Քիւ­չիւ­քա­թէշ, Նուր­հան Ի­փէ­քեան, Սե­ւան Իշ­խա­նեան, ինչ­պէս նաեւ Բրկն. ու­րա­րա­կիր դպիր­ներ: Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը խիստ տպա­ւո­րիչ կեր­պով մեկ­նա­բա­նո­ւե­ցան դպրաց դա­սին կող­մէ խմբա­վա­րու­թեամբ` դպրա­պետ Շա­հէ Ալ­թու­նեա­նի, եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տիա­նա Վա­նէ­սի:

Յըն­թացս Ս. պա­տա­րա­գի Քա­հա­նայ հայ­րը ող­ջու­նե­լով Վա­հան Սրբա­զա­նը, Գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար Եպս. Յո­վա­կի­մեա­նի, ծխա­կան խոր­հուր­դի եւ յա­րա­կից բո­լոր մար­մին­նե­րու ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ի­րեն, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ ը­նե­լով հրա­ւի­րեց զինք, որ իր պատ­գա­մը փո­խան­ցէ:

Սրբա­զան Հայ­րը սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար Սրբա­զա­նին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ Տէր Զա­րեհ Ա. Քա­հա­նա­յին, ո­րոնք ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­ցին ի­րեն` հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հետ կա­րե­նայ ա­ղօ­թա­կից ըլ­լալու։

Վա­հան Սրբա­զան Ս․ Գիր­քէն ըն­թեր­ցու­մին մա­սին խօ­սե­լով պատ­մեց, թէ ինչ­պէս Գա­լի­լիոյ լի­ճին մէկ ա­փէն կ՛անց­նին դէ­պի դի­մա­ցի ա­փը, մինչ ա­շա­կերտ­նե­րը կը նա­ւար­կէին Յի­սուս կը քնա­նար։ Զօ­րա­ւոր փո­թո­րի­կէն եւ ա­լիք­նե­րու բարձ­րա­ցու­մէն վախ­ցած ա­շա­կերտ­նե­րը արթն­ցու­ցին Յի­սու­սը։ Յի­սուս ոտ­քի ե­լաւ հովն ու ծո­վը հան­դար­տե­ցուց եւ զար­մա­ցաւ ա­նոնց թե­րա­հա­ւա­տու­թեան վրայ, ո­րով­հե­տեւ ե­րեք տա­րիէ միա­սին էին եւ կը տես­նէին, թէ ինչ­պէս կոյ­րե­րը կը տես­նեն, կա­ղե­րը կը քա­լեն։ Ա­շա­կերտ­նե­րը սար­սա­փած հիա­ցու­մով երկր­պա­գե­ցին Յի­սու­սին եւ ը­սին. ՙԻս­կա­պէս դուն Աս­տու­ծոյ որ­դին ես՚: Այս­պէ­սով Յի­սուս ան­գամ մը եւս շեշ­տեց, որ ինքն է Աս­տու­ծոյ որ­դին՚: Սրբա­զա­նը եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քե­րը ը­սաւ․ՙ Հա­ւատք ու­նե­նաք Աս­տու­ծոյ հան­դէպ, Աս­տո­ւած գի­տէ ճիշդ ժա­մա­նա­կը եւ պի­տի կա­տա­րէ մեր խնդրանք­նե­րը, ե­թէ տե­ղին են ա­նոնք՚:

Յա­ւարտ Ս․ պա­տա­րա­գի կարգ մը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն ի հան­գիստ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Սրբա­զան հօր պահ­պա­նի­չով։ Դպրաց դա­սին կող­մէ եր­գո­ւած ՙՈր զշնորհս Աս­տո­ւա­ծայ­նի՚ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ու կազ­մո­ւած թա­փօ­րով Սրբա­զա­նը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նա­փա­կը։