Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Նախագահական Ընտրութիւններուն Ոեւէ Թեկնածուի Պիտի Չսատարէ


«Արմենփրես»․- Ֆրանսայի հայ համայնքը նախագահական ընտրութիւններուն ոեւէ թեկնածուի սատարելու որոշում չունի, ըսած է ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:

«Հայ համայնքը ոեւէ թեկնածուի պիտի չպաշտպանէ: Իւրաքանչիւրը իր ցանկութեամբ պիտի քուէարկէ այն թեկնածուին, որուն կը ցանկայ: Համայնքի խորհուրդը այն նոյն մօտեցումը կը ցուցաբերէ, ինչպէս նախապէս: Հայ համայնքին մէջ կան բազմաթիւ միութիւններ կուսակցութիւններ, ամէն մէկը ինք պիտի որոշէ որուն ձայն տայ: Ի դէպ, նոյն մօտեցումը կայ նաեւ հրէաներու, յոյներու եւ այլ ազգերու համայնքներուն մէջ», ըսած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Ան Դաշնակցութեան դիրքորոշման մասին նշած է, որ կուսակցութիւնը առաջին փուլին ոեւէ թեկնածուի պիտի չստարէ: Դաշնակցութիւնը պիտի  սպասէ երկորրդ փուլին, երբ պարզ դառնայ, թէ առաջադրուած որ գործիչները յաղթահարած են անցողիկ շեմը:

«Հայերու հետ կապուած շեշտադրումները շատ քիչ են: Կարծես թէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները այլ հարցերու վրայ շեշտադրումներ կը կատարեն: Բայց, ընդհանուր առմամբ, բոլոր թեկնածուներն ալ դրական տրամադրուած են հայերու նկատմամբ եւ կը նշեն, որ պիտի աշխատին շարունակել այն գործը, քաղաքականութիւնը, որ կար մինչեւ այժմ», ըսած է ան:

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23ին: Կայ նախագահի 11 թեկնածու: Յարութ Մարտիրոսեան նշած են, որ քանի մը թեկնածուներ ունին հնարաւորութիւն յաղթահարելու անցողիկ շեմը եւ յայտնուելու երկրորդ փուլ, մասնաւորապէս, Ֆրանսուա Ֆիյոն, Պենուա Ամոն, Էմանուէլ Մակրոն, Մարին լէ Պեն:

Նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 7ին: