Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլ 24ը Պիտի Նշուի Որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր. Մաքրոն


“Արմթայմզ”,- Հոկտեմբեր 11ին, Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ միջազգային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարը: Ան ըսաւ, որ այս պայքարը Ֆրանսայի պայքարն է:

«Չկան բառեր` նկարագրելու համար այն, ինչ զգացինք այսօր առաւօտեան Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ: Ան, որ գիտէ Ֆրանսան 1915էն ի վեր, դատապարտած է Ցեղասպանութիւնը Անաթոլ Ֆրանսի ձայնով, իր նաւատորմի 3րդ ռազմանաւը ուղարկած է փրկելու հազարաւոր մարդիկ: Ան, որ պայքարեցաւ, որ 2001ին Ֆրանսան օրէնքի ուժով ճանչնար Ցեղասպանութիւնը:

Ո՛չ, այս պայքարը  պիտի չաւարտի, որովհետեւ յիշել ցեղասպանութիւններու մասին` դատապարտելով ատոնց ժխտողականութիւնը, պիտի նշանակէ պայմաններ ստեղծել ատոնց կրկնութենէն խուսափելու համար: Ես խոստացած էի ատիկա, խոստումս պիտի կատարուի մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24, Ֆրանսայի մէջ այս օրը պիտի նշուի որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր», ըսաւ Մաքրոն:

«Շարլ Ազնաւուրի հետ պէտք է աշխատէինք այսօր այստեղ. վաղեմի յիշողութեան պահապան Արարատ լերան, որ ոչ մէկ սահման երբեք չի կրնար ջնջել, անոր յաւերժական ձիւներուն, Նոյեան տապանի երազներուն հետ:

«Ան շատ ցանկար այս հանդիպումը: Այս մասին մենք խօսեցանք մեր վերջին հանդիպման ժամանակ: Ան կը ցանկար, որ ատիկա ըլլար այս երկրին, այս լեզուով, այստեղ իր ընտանիքին հետ: Ան կը ցանկար, որ մենք չուշանայինք, ան կը ցանկար այստեղ ըլլալ:

«Իր սովորութեան համաձայն` ան ոչինչ թողած էր պատահականութեան: Ամէն ինչ պատրաստած էր մանրակրկիտ, որպէսզի ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ: Իր սովորութեան համաձայն ան մեզի համար քանի մը անակնկալ պատրաստած էր, նոյնիսկ թոյլ տուի ինծի ըսել, թէ կը ցանկար, որ մենք քիչ մը երգէինք:

«Անցնող շաբաթ անոր հրաժեշտ տուինք Փարիզի մէջ: Մենք անոր շնորհակալութիւն յայտնեցինք: Մենք այսօր այստեղ ենք` հաւատարիմ մնալով անոր մեզի տուած խոստումին, իր պայքարները շարունակելու համար, որոնք ան երբեք տանուլ չէր տար:

«Անոր պայքարը նախ Հայաստանի համար էր, որպէսզի հայ ազգը գլուխը բարձրացնէր` դիմակայելու պատմութեան վէրքերը, եւ որ յիշէր, թէ ով է ինքը` ոգի, որ առաջ կը տանի հազարամեայ խօսքէն ծնած ժողովուրդ մը, սփռուած ձայն մը, յաճախ փշրուած, սակայն երբեք լռութեան չմատնուած:

 

«Եթէ այստեղ ներգաղթեալի որդին հերոս է, ապա նախ որովհետեւ 1988ին Սպիտակի երկրաշարժէն ետք երդուեց իր երկրին առջեւ, որ անոր՝ տարուան եղանակները նորէն պիտի երգեն եւ անոր զաւակներն աւելի ուժեղ պիտի կառուցեն: Ան հաւատարիմ մնաց այս խոստումին: Շնորհիւ անոր գործունէութեան երեխաներ գացին դպրոց, ընտանիքներ քանի մը ժամով լոյս ունեցան, ենթակառուցուածքներ վերակառուցուեցան: Հայաստանը ոտքի կանգնեցաւ, մնաց ուժեղ իր իսկ շնորհիւ եւ շնորհիւ անոր:

«Այսօր Ազնաւուր հիմնադրամը Նիքոլայի ու Քրիսթինայի միջոցով ողջ աշխարհի մէջ կը շարունակէ մարդասիրական այս յանձնառութիւնը Հայաստանի զաւակներուն համար:

«Իսկ Ֆրանսան այստեղ է այն պահուն, երբ Հայաստանը իր պատմութեան նոր էջ կը գրէ, որպէսզի այս երկիրը կերտէ իր ապագան, կարենայ իրականացնել իր երազանքները խաղաղ պայմաններու մէջ:

«Եկած եմ կարեւոր միջոցառման մը համար, ինչպիսին Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովն է: Այս 2018ին, որ յաւերժ պիտի մնայ ՀՀ պատմութեան մէջ` Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակ, թաւշեայ յեղափոխութիւն, որ զարմացուց աշխարհը, հրաժեշտ Շարլ Ազնաւուրին:

«Ես պիտի վերադառնամ, որպէսզի մենք առանց շտապելու միասին խորացնենք մեր սկսած տնտեսական, մշակութային եւ կրթական կապերու նոր շաժիչ ուժը, ուր Կեդրոնն է, ուր մենք կը գտնուինք, լիովին պիտի զբաղեցնէ իր ծովակալի նաւի առաջատար տեղը»: