«Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսական Վիէն քաղաքինի մէջ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը:
Վիէնի հայկական ընկերակցութիւններու խումբը այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «14 տարի անց (2003 Ապրիլին էր) Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Վիէնի (Իզեռ) յուշարձանը կրկին պղծած են:
«Արդարեւ, անոր երկու երեսները ծածկեցին անարգական եւ անպատկառ արձանագրութիւններով:
«Վիէնի հայկական ընկերակցութիւններու խումբը ամենայն խստութեամբ կը դատապարտէ այս լկտի եւ զազրելի արարքը եւ որոշած է բողոք ներկայացնել “X”ի դէմ:
«Ո՛չ ատելութիւն, ոչ ալ վրէժխնդրութիւն կայ հայոց սրտերուն մէջ, բայց ո՛չ մէկը եւ ոչի՛նչ պիտի կարենայ կասեցնել անոնց Իրաւունքի, Արդարութեան եւ Ճշմարտութեան պայքարը:
«Այս յուշարձանը պղծելով` հարուած հասցուցած են ո՛չ միայն 1915ի նահատակներու, այլ նաեւ բոլոր այն հայերու յիշատակին, որոնք Համաշխարհային զոյգ պատերազմներու ընթացքին նահատակուած են Ֆրանսայի համար, եւ որոնց յիշատակին եւս կանգնեցուած է այս յուշարձանը:
«Վայրագ այս արարքը, որ մաս կը կազմէ վերջին տարիներուն Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած պղծումներու տխուր շարքի մը, մեզի յուշէ, թէ որքա՛ն երկար է Յիշողութեան պաշտպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը, որ այն կը մնայ այժմէական հարց, եւ երկրի իշխանութիւններէն կը պահանջէ խիստ պատասխան»: