Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Հակասահմանադրական Համարեց Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Յունուար 26ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը որոշած է մերժել՝ երկրին կառավարութեան առաջարկով խորհրդարանին կողմէ Դեկտեմբեր 22ին վաւերացուած «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրէնքի շարք մը դրոյթները: Ան հակասահմանադրական համարած է մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու ուրացման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելը՝ նման քայլ մը համարելով կատարուած իրադարձութիւններու մասին կարծիք արտայայտելու ազատութեան խոչընդոտում:

Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջած է օրէնքի այն կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ այլ յանցագործութիւններու ուրացման համար տուգանքին:

Այս ձեւով, փաստօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւս պիտի չքրէականացուի:

Նշեալ օրէնքը ցեղասպանութիւնը ուրացող անձին դէմ մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 40,000 եուրօ տուգանքի պատիժ կ՛առաջարկէր։