Ֆրանսայի Քլիշի Քաղաքին Մէջ Բացուած է Ազնաւուրի Անուան Հրապարակ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կը յայնտէ, որ Ֆրանսայի Քլիշի քաղաքին մէջ,բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակ, որ կը կրէ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունը:

Հրապարակի բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: