10 Լաւագոյն Վայրերը` Դէպի Արցախ Ճամբորդութիւնը Յիշարժան Դարձնելու Համար


“Արմենփրես”․- Արցախի զբօսաշրջային վայրերը բազմազան են. անոնք կ՝առաջարկեն իւրօրինակ տպաւորութիւններ թէ՛ հնագիտական պեղումներով հետաքրքրուողներուն, թէ՛ ճարտարապետական ինքնատիպ ոճն ու հետաքրքրական լուծումները գնահատողներուն եւ թէ՛ արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներուն:

 Արցախի 10 լաւագոյն վայրերը, որոնք արժէ տեսնել եւ ուսումնասիրել:

Ջտրտուզ-Հունոտի կիրճ

Եթէ կ՝ուզէք տեսնել արցախեան բնութեան ողջ հմայքը, ուրեմն անպայման պէտք է այցելէք Ջտրտուզ, նոյնինքն` Կատարօտ, որ կը գտնուի Շուշի քաղաքի եզրին` ժայռերու գագաթին: Քարքարոտ ոլորաններ, հնագոյն ջրաղացներու աւերակներ, մարտահրաւէրային կամուրջներ, ամէն քայլափոխի հանդիպող զուարճալի փայտէ մարդուկներ, հանգստանալու համար նախատեսուած նստարաններ, ի վերջոյ զբօսաշրջիկներ. ահա այն ամէնը, ինչ պիտի տեսնէք դէպի Ջտրտուզի վարը գտնուող Հունոտի կիրճ տանող ճանապարհին, որ կը սկսի Մխիթարաշէնէն: Ճանապարհը ճիշդ կազմակերպելու հարցով ձեզի պիտի օգնեն երեք տարբեր գոյներու ուղեցոյցները, որոնցմէ կապոյտը կը տանի  դէպի չտեսնուած Մամռոտ Քար ջրվէժը, որ յայտնի է նաեւ «Զոնթիկներ» անուանումով, կարմիրը` դէպի Ամարաթ եւ Զոյգ Աչք քարանձաւներ, իսկ կանաչը` դէպի Հունոտ գիւղի աւերակները, կամարաձեւ քարէ կամուրջը եւ ականակիտ աղբիւրները:

Տնճրի

Արցախի զարդերէն մէկը հսկայական չինարի ծառն է` Տնճրին:  Ստեփանակերտէն 37 քմ հիւսիս, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիէն ոչ հեռու Սխտորաշէն գիւղին մօտակայքը գտնուող ծառը  արդեն շուրջ 2035 տարեկան է, ունի 27 մ շառաւիղ, 54 մ բարձրութիւն եւ մինչեւ կէս մեթրի հասնող տերեւներ: Բունի ներքին շառաւիղը 44 մ2 է, որուն շնորհիւ այնտեղ կը տեղաւորուի 100 հոգի: Դեռ խորհրդային տարիներէն՝ անոր շնորհուած էր վկայական ԽՍՀՄ տարածքի ամենատարեց եւ ամենախոշոր ծառը ըլլալու մասին: Տնճրիի  շրջակայքը կարելի է տեսնել բազմաթիւ պատմամշակութային յուշարձաններ: Արցախցիներուն համար Տնճրին պարզապէս ծառ չէ. անիկա ուխտատեղի է:

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի

Շուշին Արցախի մշակութային քաղաքներէն է: Հին պատմական շէնքերէն, թանգարաններէն բացի՝ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը կարելի է գրաւել  քաղաքի մայր տաճարը` Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ կառուցուած է  քաղաքի կեդրոնը՝ 19-րդ դարուն: Իբրեւ ճարտարապետական կառոյց` անիկա կը գրաւէ  ոչ միայն իր գոյնով, այլեւ՝ իւրօրինակ գմբէթով եւ փորագրութիւններով: Տաճարին դիմաց կառուցուած է  զանգակատունը: Եկեղեցին ունի հատուած մը, ուր ակուստիկ յատկութիւններուն շնորհիւ՝ կը փոխուի մարդուն ձայնը. անիկա կարծես կը դառնայ օտար:

Տիգրանակերտ

Հայոց արքաներէն Տիգրան Մեծի անունը կրող Տիգրանակերտ քաղաքը Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ է: Անիկա կառուցուած է Ք.Ա. 1-ին դարուն:  2008 թուականին քաղաքի պեղումներուն վայրը ստեղծուած է պետական պատմամշակութային արգելոց, ուր այցելուները կրնան ստանալ մեծածաւալ տեղեկատւութիւն քաղաքի դարաւոր պատմութեան մասին: Տիգրանակերտի տարածքին իրականացուած են բազմաթիւ պեղումներ, որոնցմէ մէկուն ժամանակ յայտնաբերուած է երկու կարասային գերեզմանոց: 2005 թուականին քաղաքի եւ անոր տարբեր ծայրամասերու պեղումները ցոյց տուած են, որ Տիգրանակերտը միջնադարեան դասական քաղաքներու օրինակով ունեցած է պատուարով ամրացուած թաղամաս, առեւտրաարհեստաւորական կամ կեդրոնական թաղամաս, ընդարձակ գիւղատնտեսական արուարձաններ:

Գանձասար

Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Գանձասարի վանական համալիրը` իբրեւ ճարտարապետական եզակի կոթող, անտարբեր չի ձգեր զբօսաշրջիկները, որոնք յատկապէս ամրան շրջանին կ՝ընտրեն Արցախը իբրեւ զբօսաշրջային ուղղութիւն: 13-րդ դարուն կառուցուած վանական համալիրը կը գտնուի Վանք գիւղի մօտակայքը. դեռ 2000-ականներուն մեկնարկեցին վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքները: Գանձասարի պատմութեան` 11 լեզուով թարգմանուած գիրքը առաւել ընկալունակ եւ մատչելի կը դարձնէ զբօսաշրջիկներուն այցը դէպի վանական համալիր: Վանքին մօտակայքը նաեւ կարելի է տեսնել  Գանձասարի մատենադարանը, որ նոյնպէս կը կրէ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը:  Արցախեան մատենադարանին մէջ կարելի է ծանօթանալ վաղ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջանը  ընդգրկող  ձեռագրերուն եւ հնատիպ գիրքերուն:

Կաչաղակաբերդ

Կաչաղակաբերդը կը գտնուի Արցախի Պտերեցկ եւ Քոլատակ գիւղերուն միջեւ: Լերան գագաթը, որուն վրայ կանգնած է բերդը, յատկապէս տեսանելի է Ստեփանակերտէն Գանձասար երթալու ճանապարհէն: Երեք կողմերէն բերդը շրջապատող հարթ ժայռերը զայն դարձուցած են անառիկ: Չորրորդ կողմը համեմատաբար հասանելի է, ուր հաւանաբար կը գտնուի բերդին մուտքը: Ըստ պատմութիւններէն մէկուն` ժողովուրդը ամրոցը կոչած է «Կաչաղակաբերդ», քանի որ անիկա հասանելի եղած է միայն կաչաղակներուն: Բերդը նաեւ ստացած է «Սղսղան» անունը, քանի որ բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին, երբ մարդիկ բերդին հասնելու ճանապարհին կը սահին եւ այդպէս ալ գագաթին չեն կրնար հասնիլ:

Ազոխի քարանձաւ

Ազոխի քարանձաւը կարեւոր հնագիտական վայր է, որ կը գտնուի Արցախի Հադրութի շրջանի Ազոխ գիւղին մօտ: Դեռ 1968 թուականին այնտեղ իրականացուած պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած է Նէանտերթալ նախամարդու ծնօտոսկրը, որ 300.000 տարեկան էր: Անիկա աշխարհի ամենահին մարդկային մնացորդներէն է, որ գիտական գրականութեան մէջ կը զբաղցնէ 5-րդ տեղը: Ազոխի քարանձաւը պետական բնապատմական արգելոց  է, որ գրաւած է ոչ միայն հայ, այլեւ օտարերկրացի հնագէտներուն ուշադրութիւնը: 2016 թուականին արտերկրի մէջ լոյս տեսաւ «Ազոխի քարանձաւը եւ կովկասեան միջանցքը» (Azokh cave and the Transcaucasian corridor) խորագիրը կրող  գիրքը, որ կը ներկայացնէ աւելի քան տասը տարի ձգուած  հնագիտական աշխատանքներուն արդիւնքները:

Դադիվանք

9-13-րդ դարերուն կառուցուած Դադիվանքը եւս Արցախի պատմական վանական համալիրներէն է, որ կը գտնուի Շահումեանի շրջանի Դադիվանք գիւղին մէջ: Ըստ առասպելի` եկեղեցին հիﬓուած է 1-ին դարուն Քրիստոսի առաքեալներէն Թադեւոսի հետեւորդ Դադիի կողէ, որուն մասունքները յայտնաբերուած են վանական համալիրի եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ իրականացուած պեղումներուն ժամանակ: Դադիվանքի վանական համալիրը կ՝ընդգրկէ Սուրբ Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցին, որուն որմնանկարները արտասահմանցի մասնագէտներու օգնութեամբ մաքրուած եւ նորոգուած են, մատուռը, գաւիթները, խաչքարերը, ինչպէս նաեւ կից կառուցուած եռայարկ զանգակատունը: Վանական համալիրին մէջ կայ պատ մը. մարդիկ կը հաւատան, որ եթէ երազանք պահես եւ մօտակայքը հանդիպող քարերէն մէկը այնպէս հրես պատին, որ անիկա չինայ, ուրեմն երազանքը կ’իրականանայ: Ըստ 2001 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 16 անդամներու կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթին` Դադիվանքի աւերումը Արցախի մէջ ատրպէյճանական քաղաքականութեան աղաղակող փաստերէն է: Հայկական զօրքերը ազատագրած են Դադիվանքը 1993 Մարտ 31-ին:

Դիզափայտ լեռ

Անիկա կը գտնուի Արցախի Հադրութի շրջանին մէջ, ծովու մակարդակէն բարձր է 2478 մեթր: Լերան երկրորդ անուանումը Զիարաթ է: Դիզափայտի գագաթին հիմնուած եղած է Կատարօ վանքը, որուն անունը կը կրէ Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ հիմնադրուած  բաւական յայտնի «Կատարօ» գինիներու գործարանը: Դիզափայտի լեռնագագաթը Արցախի պատմական սրբավայրերէն է:

Janapar Trail հետիոտն արշաւային երթուղի

Անիկա կ՝երկարի Վարդենիսէն մինչեւ Հադրութի շրջան: 13 տարբեր երկարութեան երթուղիներէ բաղկացած արահետը հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ ճանապարհորդներուն անցնելու Արցախի լեռնային հատուածներով: Արահետը յատուկ նախագծուած է այնպէս, որ ամէն երթուղիի աւարտը տեղի կ՝ունենայ երթուղիի վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ, որ լաւ հնարաւորութիւն կու տայ ճամբորդներուն սնուելու, գիշերակացի եւ տեղացիներու հետ շփուելու համար: