109 Տարեկանին Մահացած է Հայոց Եղեռնը Վերապրած Գոյնա Մարկոսեանը


Գոյնա տատիկը

«Շանթ», – Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Հայաստանի մէջ ապրող փոքրաթիւ վերապրողներէն եւս մէկը: 109 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Գոյնա Մարկոսեանը: Ան ծնունդով Կարսէն էր, ընտանիքին հետ Արեւելեան Հայաստան տեղափոխուած էր 1915 թուականին։

Կենդանութեան օրօք ծեր կինը պատմած էր, որ 1915-ին ընտանիքը որոշած է լքել ծննդավայրը՝ կոտորածէն խուսափելու համար: Մակոյկով անցած են Ախուրեան գետն ու գաղթած Արեւելեան Հայաստան: Իրենց խումբի անդամներուն մէկ մասը խեղդուած է Ախուրեանի ջուրերուն մէջ:

Յետոյ Գոյնան, (իր մականունը Նազարէթեան է, իսկ ամուսինը՝ Մարկոսեան) այլ երեխաներու հետ յայտնուած է Գիւմրիի որբանոցը: Անկէ ամուսնացած է ու ապրած Արագածոտնի Թաթուլ գիւղին մէջ: