Ամենայն Հայոց Որբերու Հայրիկը


Սօսսի Խանիկեան


Ամենայն հայոց որբերու հայրիկ Թումանեանը

Փետրուարի 19ին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է, իսկ այս տարի կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծին 150ամեակը` այս անգամ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մակարդակով: Կ՛ուզենք հաւատալ, որ իսկապէս ըստ արժանուոյն կը տօնուի Թումանեանի ամեակը` փորձելով այդ կերպով փոխհատուցել այն մեծ սէրն ու նուիրումը, որ բանաստեղծը ողջ կեանքի ընթացքին անմնացորդ տուած է հայրենիքին:

Թումանեան այն եզակի գործիչներէն է, որ գրական հարստութիւնը նոյնքան անժխտելիօրէն բացառիկ է ու մեծ, որքան անոր մարդկային կերպարը: Թումանեանի կեանքի բազմաթիւ դրուագներ կարծես կը մէկտեղուին, կը զուգահեռուին հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ: Բանաստեղծը կ՛ապրէր իր ժողովուրդին համար բարդ ու դաժան ժամանակներ եւ ամբողջովին կը կիսէր հայուն բաժին հասած իւրաքանչիւր դառնութիւն: Կը կիսէր ոչ միայն ինքը, այլեւ անոր ամբողջ ընտանիքը:

 Անոր չորս որդիներն ալ զինուորներ էին, չորս դուստրերն ալ` գթութեան քոյրեր:

 Ասոր լաւագոյն ապացոյցը Անդրանիկին ուղղուած Թումանեանի նամակն է, ուր ան կը յայտնէ, որ պատրաստ է նուիրաբերելու ամենակարեւորը, ինչ որ ունի կեանքին մէջ. «Սիրելի՛ Անդրանիկ, ահաւոր մոմենտի առջեւ ամէն մարդ պէտք է ընդհանուրի սեղանին բերի ինչ որ ունի եւ կարող է` թէ՛ վերահաս վտանգը կանխելու, թէ՛ բաղձալի խաղաղութեան հասնելու համար: Ես չորս տղայ ունեմ, չորսն էլ Երկրի կառավարութեան Ազգային խորհրդի եւ քո տրամադրութեան տակ են, իսկ չորս աղջիկներս էլ պատրաստակամ գնում են թիկունքի աշխատանքներին, ինչի որ ընդունակ կը լինեն»։ 

Իրեն յատուկ հեռատեսութեամբ եւ զգայունութեամբ բանաստեղծը դեռ 1913ին կանխատեսած էր 1915 սարսափները` գրելով. «Թուրքիան կը դիմի ամենահրէշաւոր միջոցներին` վերջ դնելու հայ ժողովրդին իր հարցի հետ միասին»:

Այո, Թումանեան լաւ կը ճանչնար թուրքը: Ոտքով անցնելով ողջ Կովկասեան ռազմաճակատով` ան անձամբ ականատես եղած էր թուրքերու եւ քիւրտերու կատարած վայրագութիւններուն` իր նօթատետրին մէջ գրելով այնպիսի սահմռկեցուցիչ գրառումներ, որոնք մէկ դար անց նոյնիսկ անհնար է կարդալ առանց սարսափահար ըլլալու:

 Զարկուա՜ծ հայրենիք,

Զըրկուա՜ծ հայրենիք:

 

Որբերու Հայրիկը

Կովկասեան ռազմաճակատի անմարդկային տեսարանները դեռ աչքին առջեւ, ծանր ապրումներու մէջ, կէս մարդ դարձած Թումանեան կը հասնի Թիֆլիս, ուր բժիշկները անոր խորհուրդ կու տան՝ անմիջապէս մեկնիլ առողջարան կազդուրուելու: Ան առողջարան երթալու գումար չունէր եւ այդ պատճառով ընկերոջ խորհուրդով կ՛երթայ Թաբախմելայ ամառանոցը, ուր յոյս ունէր քիչ մը հանգստանալու եւ աւարտին հասցնելու իր «Հազարան բլբուլ» գործը, որ չյաջողեցաւ ընել, քանի որ ընդամէնը երկու-երէք օր անց վրայ հասաւ Եղեռնի եւ աւերիչ գաղթի գոյժը:

Վատառողջ բանաստեղծը մէկ վայրկեան անգամ չտատամսեցաւ, անմիջապէս վերադարձաւ Թիֆլիս, գրեց «Հանգիստ ու լիքը հաւատքով» յօդուածը, ուր կոչ կ՛ընէր աշխարհասփիւռ հայութեան չյուսահատուելու եւ համախմբուելու գաղթականները փրկելու հարցին շուրջ:

Բանաստեղծի բացառիկ լաւատեսութիւնն ու հաւատքը մէկ անգամ չէ, որ փրկած էին հազարաւոր կեանքեր: Ողբերգութիւնը սրտին մէջ, անասելի ցաւը հոգիին մէջ Թումանեանն առանց վայկրեան մը նոյնիսկ կորսնցնելու Թիֆլիսէն կը շտապէ Էջմիածին, ուր հաւաքուած էին հազարաւոր տարբեր տարիքի գաղթականներ` յատկապէս որբեր:

Ժամանակակիցներու վկայութեամբ, այդ հաւաքատեղին իրական դժոխքն էր երկրի վրայ: Ցեղասպանութեան սարսափները տեսած, խեղուած հոգիներով, ամենատարբեր հիւանդութիւններով վարակուած, կեղտոտ ու սոված անթիւ-անհամար երեխաներ հաւաքուած էին Էջմիածին: Այդ առաջին օրերուն որբերու կողքին էր միայն Թումանեանը: Անտեսելով բոլոր հնարաւոր վտանգները` ան բերած էր նաեւ դուստրը` Նուարդը: Էջմիածինի հաւաքատեղին այդ ժամանակ ոչ միայն դժոխք էր, այլ մահ էր բառի բուն իմաստով: Տասնեակ հիւանդութիւններ, որոնցմէ ամէն վայրկեան մահացող որբեր եւ բուժքոյրեր. սակայն Թումանեանի համար նոյնիսկ սեփական երեխային կեանքը անկարեւոր էր, երբ հայրենակիցներու լինելիութեան հարցը դրուած էր:

Հայ որբեր

Այդտեղ տեղի կ՛ունենայ Թումանեանի եւ Կաթողիկոսի միջեւ եղած յայտնի երկխօսութիւնը, երբ համեստագոյն բանաստեղծը առաջին անգամ կու տայ իրեն թերեւս ամենաարժանի «ամենայն հայոց բանաստեղծ» անուանումը: Կարճ ժամանակ անց ան կը դառնայ նաեւ «ամենայն հայոց հայրիկ» բոլոր որբերուն համար: Այդպէս կոչեցին զայն որբերը: Թումանեան անմիջապէս սկսած էր իրականացնելու որբերու տեղաբաշխման, սնունդի, հագուստի, մաքրութեան հետ կապուած բոլոր վարչական հարցերու համակարգումը: Սակայն ան գիտէր, որ բոլոր այդ հրատապ հարցերէն շատ աւելի կարեւոր է որբերու հոգեկան աշխարհը: Զգայուն բանաստեղծը շատ լաւ կը հասկար, որ ամբողջ քանի մը տարուան կեանք ապրած այդ երեխաները տեսած են անհաւատալի, սարսափելի ոճիրներ, ականատես եղած են, թէ ինչպէս ամենավայրագ ձեւով կը սպաննուին իրենց ծնողներն ու ընտանիքի անդամները: Անոնց մանկական հոգին ու մարմինը կեղեքուած է ամենադաժան ձեւով, եւ այդ պահուն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ անոնք քնքշանքի ու մայրական սիրոյ կարիք ունին: Եւ ան կը սկսի կոչ ընելու բոլոր կանանց ու աղջիկներուն որբերու կողքին ըլլալու: Շատ անգամ ալ բանաստեղծը տուն կ՛ուղարկէր օգնութեան եկած աղջիկները` հաշուի առնելով անոնց անչափահաս ըլլալը: Սակայն բանաստեղծին մարդասիրութիւնն ու նուիրումը այնքան մեծ էր, որ բոլորը անխտիր կը վարակուէին նոյն սիրով եւ չէին ուզեր հեռանալ Էջմիածինէն:

Այդպէս ան տուն ուղարկեց Չարենցի յայտնի սէրերէն մէկը` Կարինէ Քոթանջեանը, այդպէս տուն կ՛ուզէր ուղարկել ուսուցչուհի Սաթենիկ Օհանջեանը, որ չլսեց Թումանեանին, մնաց եւ մահացաւ համաճարակէն եւ որուն մահը յատկապէս ծանր տարաւ բանաստեղծը:

Որքան ալ քոյրերը նուիրումով կատարէին իրենց աշխատանքը, միեւնոյն է, որբերուն ամենասիրելին, միակ յոյսն ու ապաւէնը Թումանեանն էր: Անոր կը դիմէին իրենց բողոքներով, խնդրանքներով, անոր կը կանչէին հիւանդ ժամանակ, կը խնդրէին, որ իրենց ծամերը չկտրեն, որ իրենց համար կարմիր զգեստ կարեն. «..Հայրի՛կ, ինծի համար կարմիր հալաւ կարեցէ՛ք…»:

 Ողբի՜ հայրենիք,

Որբի՜ հայրենիք

Ան գիտէր, որ պէտք է հոգեպէս որբերու կողքին ըլլայ, փորձել ֆիզիկապէս ամուր ըլլալ, որպէսզի կարենար համակարգել բոլոր վարչական գործերը:

 Տեսնել Անդրանիկը

Էջմիածինի, Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի, Պաքուի, Դիլիջանի, Թիֆլիսի մէջ բացուած էին մանկատուներ, եւ անոնք բոլորը հաշուետու էին անոր, որ բոլորին հետ կապ կը պահպանէր: Այդ ամէնուն հետ մէկտեղ ան նաեւ բազմաթիւ հայանպաստ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամ էր ու նախագահ:

Որբերու առօրեան թեթեւցնելու եւ տխրութիւնը քիչ մը փարատելու համար ան հազար ու մէկ հնարք կը մտածէր: Այդպէս` երեխաները քաջալերելու համար, բանաստեղծը անոնց հետ պայման կը կապէր. ով որ լաւ սորվի դասերը զայն պիտի տանի իր տունտ՝ ծանօթացնելու Անդրանիկին հետ: Եւ այս պայմանը իրապէս կը գործէր: Երեխաները մոռցած իրենց վշտերը` ինքնամոռաց կը տրուէին ուսման` Անդրանիկին գէթ մէկ անգամ տեսնելու համար: Այդ երեխաներուն մէջ էր նաեւ Արժենթինահայ ամենայայտնի բանաստեղծուհիին՝ Ալիսա Կիրակոսեանի հայրը, որ ոգեւորուած մէկ շաբաթ քրտնաջան սորվեցաւ եւ հասաւ երազանքին` ծանօթացաւ Անդրանիկին հետ:

 

Որպէսզի մեռելներն անթաղ չմնան

Թումանեանը հոգ կը տանէր ոչ միայն որբերուն, այլ նաեւ իւրաքանչիւրին մասին, որ զինք կը շրջապատէր: Այդքան ցաւերու, հոգերու մէջ գտնուող բանաստեղծը կ՛անհանգստանար, կը հետեւէր, որպէսզի յանկարծ գթութեան քոյրերը քաղցած չմնան: Թումանեան հոգ կը տանէր անգամ մահացածներու մասին: Այդ օրերուն մահերը այնքան շատ էին, որ դիակները սայլերով կը տանէին թաղելու: Եւ այդպիսի օր մը սայլապանը կը հրաժարի կատարելէ իր աշխատանքը` պատճառաբանելով, թէ քանի որ Էջմիածինի պաշտօնէութիւնը չէ վճարած իր աշխատավարձը, ինք այդ օրը պիտի չթաղէ մահացածները:

Յուսահատ Թումանեանը կը հաւաքէ իր ունեցած վերջին դրամը, կու տայ սայլապանին, որպէսզի յանկարծ մեռելները անթաղ չմնան: Նոյն ատեն Գէորգեան ճեմարանէն դուրս կը հանէին Թումանեանի որդին` վարձը չվճարելու պատճառով: Թումանեան դարձած էր արդէն «ամենայն Հայոց հայերու Հայրիկ»-ը` իր վրայ վերցնելով ամբողջ որբացած ժողովուրդի մը հոգը:

«Թումանեանը վազում էր կէտից կէտ, վրանից վրան… մի մեռնողից դէպի մի ուրիշ մեռնողը: Կարգադրում էր, հրամայում, կշտամբում, ժպտում, շոյում, զայրանում»:

                                                                                                      Վահան Թոթովենց 

Սարեանը չդիմացաւ

Վիշտը համախմբած էր բոլորը, իւրաքանչիւրը կը փորձէր օգնել ինչով կրնար: Այդ նոյն մղումով Էջմիածին եկաւ Մարտիրոս Սարեան, սակայն չկրցաւ, չհասցուց օգտակար ըլլալ: Բակի եւ միջանցքներու մէջ իրարու վրայ շարուած դիակնէր էին, շուրջբոլորը` սով, հիւծուած եւ հիւանդ աչքեր, մահացողներու ճիչեր: Տեսնելով այդ իսկապէս դժոխային տեսարանները` նկարիչը ուշագնաց եղաւ: Եւ Թումանեան ձգած որբերը, հիմա ալ սկսաւ ուշքի եւ խելքի բերել Սարեանը: Ուշքի գալէ ետք վատառողջ Սարեանը Թումանեանի յորդորով հեռացաւ: Եթէ Սարեանը չդիմացաւ քանի մը ժամ, պատկերացուցէք, թէ ինչ կը կատարուէր բանաստեղծին նուրբ ու զգայուն սրտին հետ, որ արդէն օրեր շարունակ այդ տեսարաններուն վկան ու լուռ կրողն էր: Նոյն այդ պատճառով դեռ յիսունը չբոլորած երբեմնի կենսախինդ տղամարդը ընդամէնը քանի մը ամսուան մէջ անճանաչելիօրէն ծերացաւ:

Բայց չես գիտեր ուրկէ հիւանդ բանաստեղծին վրայ հզօր ուժ իջած էր, եւ ան չէր ընկճուեր: Այդ շրջանն ու Թումանեանի տոկունութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Լէոն. «Յովհհաննէս Թումանեանը այդ դժոխքի մէջ է, գործում է, բարեբախտաբար չի գժւում»:

 Կորուստներ, կորուստներ, կորուստներ

Եւ երեւի թէ Թումանեան իսկապէս խենթանար, եթէ չզգար, թէ այդ պահուն որքան իր կարիքը կար: Ան գիտէր, որ յուսահատելու իրաւունք պարզապէս չունի: Ան նոյնիսկ խեղդեց իր մէջ սեփական վիշտը: 1915ին համագիւղացիները սպաննած էին անոր եղբայրը` Ռոստոմը: Մահացած Ռոստոմի գրպանին մէջ Թումանեանի նամակն էր, ուր ան կը զգուշացնէր եղբայրը մօտալուտ վտանգի մասին: Մէկ տարի ետք մահացաւ նաեւ միւս երիտասարդ` երեսունը չբոլորած եղբայրը` Արտաշէսը: Երեք տարի յետոյ` 1918 թուականին, մահացաւ նաեւ բանաստեղծին սիրելի տղան` Արտիկը` բացառիկ շնորհալի տղայ մը: Որդիին կորուստը յետագային կը դառնայ Թումանեանի կեանքի մեծագոյն հարուածը: Բայց, միեւնոյն է, նոյնիսկ այդ կորստէն յետոյ ան մինչեւ կեանքին վերջը կը շարունակէ զբաղուիլ ազգային հարցերով:

 Թումանեանի որդեգիր Կարէն Դէմիրճեանի մայրը

 Գաղթական փոքրիկները որբանոցներուն մէջ տեղաւորելէն բացի Թումանեան ու մանկատուներու աշխատակիցները բուռն կերպով կը զբաղէին նաեւ որբերու որդեգրման հարցերով: Թէեւ երկրին մէջ սով էր ու աղքատութիւն, բայց ատով հանդերձ շատ ընտանիքներ կ՛որդեգրէին գաղթական երեխաներ: Թումանեան «Հայ գրողներու կովկասեան միութեան» նախագահն էր եւ, դէմ երթալով միութեան սահմանադրութեանն ու վարչութեան անդամներուն, ստիպեց, որպէսզի միութիւնը որդեգրէ երեք շնորհալի երիտասարդներ` Միհրան Թութունջեանը, Նորայր Դաբաղեանը եւ Վաղարշակ Նորենցը:

Բանաստեղծը նաեւ ֆոնդ ստեղծեց այդ երեքին համար, որպէսզի անոնք կարենան ուսոմ ստանալ եւ ապրիլ: Անոնցմէ առաջինը, ցաւօք, մահացաւ, իսկ վերջինը ապրեցաւ եւ յուշերը գրեց Թումանեանի մասին` լի սիրով եւ անսահման երախտիքով: Այդ երեք պատանիները փրկելէ բացի, տասը զաւակ ունեցող Թումանեանը նաեւ տասնեակէ աւելի երեխաներ որդեգրեց եւ տարաւ Թիֆլիսի իր տունը:

Բոլոր այն մարդիկ, որոնք երեխայ կ՛որդեգրէին, հասարակական կազմակերպութիւններէ որոշ գումար կը ստանային, որպէսզի կարենային հոգ տանիլ երեխաներուն մասին: Այդ օրերուն բոլորը թշուառ վիճակի մէջ էին: Պարտքերու մէջ եղող Թումանեան ինքն ալ դրամ չունէր, սակայն իր որդեգրած տասը երեխաներուն համար կը հրաժարի գումար վերցնելէ որեւէ կազմակերպութենէ:

Այդ երեխաներուն մէջ էր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի ապագայ ղեկավար Կարէն Դէմիրճեանի մայրը` Լուսնթագը` սերուած Վանի երեւելի ընտանիքներէն մէկէն: Լուսնթագի ողջ ընտանիքը սպաննած էին իր աչքին առջեւ, փրկուած էին միայն ինքն ու քոյրը: Արդէն մանկատան մէջ Լուսնթագը կորսնցուց նաեւ քրոյրը: Անոր համար ծնողք դարձաւ Թումանեանը, ընտանիք` բանաստեղծին կինն ու երեխաները: Լուսնթագի յետագայ ողջ կեանքին մէջ որպէս ամենալուսաւոր ու պայծառ յուշ մնաց Թումանեանը: Ան այդպիսին մնաց իրեն հանդիպած բոլոր որբերու, իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ:

Յոյսի՜ հայրենիք,

Լոյսի՜ հայրենիք…

Մարդն ամէն ինչ է… Ղօչա՜ղ կացէք

Թումանեանի ծննդեան օրը յիշեցինք անոր կեանքի ամենաողբերգական շրջանի մասին, սակայն նոյնիսկ այդտեղ կար Թումանեանին յատուկ անսահման մարդասիրութիւնն ու լաւատեսութիւնը: Եւ ան այդ յատկանիշները չկորսնցուց անգամ մահուան մահիճին մէջ: Մեռնող բանաստեղծը բժշկին կը հարցնէ` ի՞նչ է մարդը: Իր առջեւ մահացող գրողը տեսնող բժիշկը կ՛ըսէ. «Մարդը ոչինչ է»: Այդ պատասխանին Թումանեան կը հակադարձէ. «Մարդն ամէն ինչ է»: Բժիշկը ապրողն էր, Թումանեանը` մահացողը, եւ հաւանաբար նոյն այս երկխօսութեան մէջ ամփոփուած է Թումանեանի կեանքի բանաձեւն ու կարգախօսը. մարդը իսկապէս անոր համար ամէն ինչ էր: Նոյն այդ պատճառով ան պատրաստ էր անվերջ ինքնամոռաց զոհաբերուելու:

Կայ դրուագ մը, որ հիանալի ձեւով կը բնորոշէ Թումանեանի անձնազոհութիւնը: Անգամ մը, երբ բանաստեղծը կառքով կ՛երթար, հեռուն` ինչ-որ տեղ ծառերու տակ կը տեսնէ երեխայ մը: Կառքը կը կանգնեցնէ եւ գթութեան քոյրերէն մէկէն կը խնդրէ երթալ ու բերել երեխան: Քոյրը կը վերադառնայ եւ կ՛ըսէ, որ չի կրնար փոքրիկին դիպչիլ: Որբը ամբողջովին կեղտոտ էր ու ցեխոտ, ոտքէն գլուխ ոջիլներով պատուած ու հիւանդ: Թումանեան կ՛իջնէ կառքէն, կը հանէ գրպանէն այդ օրերուն միշտ իր մօտ պահուող սափրիչը, կը խուզէ երեխան, կը փաթաթէ իր թիկնոցին մէջ եւ կը տանի հիւանդանոց: Երեխան կը փրկուի:

Եւ, առհասարակ, ալ ի՞նչ կարելի է ըսել մարդու մը մասին, որուն մահէն առաջ ըսուած վերջին խօսքը եղած է` ուղղուած մեզի բոլորիս, ողջ հայ ժողովրդին․ «…ղոչա՜ղ կացէք»:

Իմ նո՜ր հայրենիք,

Հըզօ՜ր հայրենիք․․․

 

Նիւթի պատրաստման աշխատանքներուն մեծապէս օժանդակելու համար հեղինակը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ թումանեանագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուսաննա Յովհաննիսեանին: 

Նիւթին մէջ օգտագործուած են հետեւեալ աղբիւրները`

-Նուարդ Թումանեան, «Յուշեր եւ զրոյցներ», Լոյս, Երեւան, 1969:

-Սուսաննա Յովհաննիսեան, «Պատմութիւններ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքից», Ծիծեռնակ, Երեւան, 2010:

-«Թումանեանը ժամանակակիցների յուշերում», Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1969//2009:

-Արսէն Տէրտէրեան, «Հայ հայրենասէր գրողներ (երկու դիմագիծ: 1. Հ. Թումանեանի հայրենասիրական պոէզիան: 2. Ղ. Աղայեանը եւ ժողովրդական հերոսութիւնը)», Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1942:

-Յովհաննէս Այվազեան, «Զօրավար Անդրանիկ եւ Յովհաննէս Թումանեան», Երեւան, 2004: