13 Ընկերուհիներ Միացան ՀՕՄի Արցախի Միաւորին


ՀՕՄի Արցախի միաւորը ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ Օգոստոս 19-ին Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի Ստեփանակերտի գրասենյակին մէջ տեղի ունեցած է երդման արարողութիւն։

13 ընկերուհիներ միացած են ՀՕՄի շարքերուն։ ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ կարևոր համարած է Հայաստանի և Արցախի համար այս դժուարին ժամանականերուն ՀՕՄի աշխարհասփիւռ ընտանիքին միանալու ընկերուհիներուն պատրաստակամութիւնը և մաղթած՝ արդյունաւէտ աշխատանք։

 
Նախքան երդման արարողութիւնը նորագիրներու հետ տեղի ունեցած էր հանդիպում, որուն ներկայ եղած էր նաև եռօրեայ այցով Արցախ գտնուող ՀՕՄի ԱՄՆ Արևելեան Շրջանի անդամ ընկերուհի Անժէլ Մանուկեան:

Նորագիր ընկերուհիներու երդման արարողութիւնը