2017ին Հայաստանի Մէջ 850 Միլիոն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիրներ Պիտի Իրականացուին


Ապրիլ 13ին ՀՀ կառավարութեան նիստէն ետք, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ այս տարի կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ կատարել  850 միլիոն տոլարին համարժէք ներդրումներ:

«3,2 միլիառի մասին յայտարարուած է եւ ատիկա քանի մը տարուան ծրագիր է: Այս տարի կը նախատեսուի, որ ըլլան  850 միլիոն տոլարին համարժէք ներդրումներ, որոնց ֆինանսական աղբիւրներն ու իրականացնողները արդէն յստակ են: Ինչպէս կը տեսնէք, արդէն շատ աշխոյժ ներդրումային ծրագիրները կը քննարկուին եւ որոշ ներդրումներ արդէն իսկ իրականացուած են», ընդգծած է նախարարը:

Ըստ անոր` հիմնական ներդրումները պիտի իրականացուին ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան եւ սնունդի վերամշակման ոլորտներուն մէջ: