2018ին Արցախի Մէջ Շահագործման Պիտի Յանձնուի 6 Փոքր Ջրելեկտրակայան


Արցախի մէջ 2018ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 28,5 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ եւ 161,7 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրուժի միջին տարեկան արտադրանքով 6 փոքր ջրելեկտրակայաններ:

Արցախի տնտեսական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ուժանիւթի բաժինի նախագահ Հայկ Աւետիսեանը կը յայտնէ, որ ներկայիս Մարտակերտի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ ընթացք առած է եւս 5 փոքր ջրելեկտրակայաններու կառուցումը:

Աւետիսեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Արցախի մէջ ներկայ դրութեամբ կը գործեն  16 ջրելեկտրակայաններ, որոնց արտադրութիւնը 2017ին կազմած է 327,8 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրականութիւն, իսկ հանրապետութեան ընդհանուր սպառման ծաւալները կազմած են 351,1 միլիոն քիլոուաթ-ժամ: