2020-էն Պատմական Անին Տեսնելը Աւելի Հեշտ Պիտի Ըլլայ


Անին Հայաստանի կողմէն դիտուած

2020-էն սկսեալ` բոլոր ցանկացողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ազատ այցելելու Հայաստանի սահմանային Նորշէն գիւղ, ուրկէ յստակ կ՛երեւի պատմական Անին:

Անի մայրաքաղաքի ամենամօտ գտնուող Հայաստանի գիւղին մուտքը դիւրացած է: Եկող տարուընէ` բոլոր ցանկացողներն ազատ, առանց յատուկ թոյլտուութեան, կրնան մտնել գիւղ, յայտնած է ՀՀ Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան:

Ան շեշտած է, որ ասիկա իրականացած է շնորհիւ ՀՀ վարչապետին, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին, Շիրակի մարզպետարանի եւ պատասխանատու կառոյցներու համատեղ աշխատանքի:

Շիրակի մարզի սահմանամերձ Նորշէն (Խարկով) գիւղը Անի բերդաքաղաքէն կը բաժնուի Ախուրեան գետով: Ներկայիս սահմանային գիւղ ազատ մուտք գործել հնարաւոր չէ: Այնտեղ հասնելու համար պէտք է սահմանապահներու թոյտուութիւն ստանալ: