2021-ին Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացած է Մօտ 7 Հազար 300 Հոգի


Յովհաննէս Ալեքսանեան

«Արմենփրես»- 2021-ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է մօտ 7 հազար 300 հայրենակից, իսկ ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակը այս տարուան առաջին 4 ամիսներուն ստացած է հայրենադարձութեան հետ առնչուող տարբեր հարցերու մասին մօտ 4 հազար դիմում, տեղեկացուցած է Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պատասխանատուներէն  Յովհաննէս Ալեքսանեան։

Ըստ անոր՝ դիմումները հիմնականօրէն կը վերաբերին քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացակարգին, կրթական հաստատութիւններ արձանագրուելու, առողջապահական, իրենց գործը Հայաստան տեղափոխելու հարցերուն եւ իրենց անձնական ապրանքը Հայաստան փոխադրելու ձեւերուն  մասին։

«Հայրենադարձութեան գործընթացը բաւական բարդ է։ Կան պարագաներ, երբ ընտանիքներու հետ կ’աշխատինք 6 ամիսէն մէկ տարի` մինչեւ Հայաստան գալը: Շատերը նախ կը ցանկան քաղաքացիութիւն ստանալ, այնուհետեւ օգտուիլ հայրենադարձներու համար նախատեսուած արտօնութիւններէն: Օրինակ` 2021-ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է մօտ 7 հազար 300 հայրենակից` 45 երկիրնէ: Անոնք հիմնականօրէն Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպական երկիրներէն են: Նախորդ տարի 2070 հայրենակից ձեռք բերած Հայաստանի մէջ մշտական կացութեան կամ յատուկ կացութեան կարգավիճակ: Անշուշտ, դժուար է նշել, թէ անոնց քանի՞ տոկոսը մշտապէս կը բնակի Հայաստան, սակայն առնուազն կէսը Հայաստան է: Շատերը ունին երկքաղաքացիութիւն, նոյնիսկ երեք երկրի քաղաքացիութիւն եւ կ՛ապրին տարբեր երկիրներու մէջ», ըսած է Ալեքսանեան:

«Հայրենադարձները ունին քանի մը խնդիրներ, մասնաւորապէս` իրենց կեցավայրի հարցը: Մեզի կը դիմեն նոյնիսկ վարձակալութեան համար բնակարան գտնելու խնդրանքով: Բնակարան գնելու համար կը խնդրեն իրաւական աջակցութիւն: Յաջորդ հարցը մաքսային կարգաւորումներն են: Ըստ Հայաստանի օրէնքին՝ Հայաստան տեղափոխուող քաղաքացիները կրնան իրենց անձնական գոյքը առանց մաքսի տեղափոխել Հայաստան», նշած է ան։

Յանձնակատարի գրասենեակ յաճախ կը դիմեն դպրոց, մանկապարտէզ տեղ գտնելու, գործը տեղափոխելու հարցերով: Հայաստանի մէջ հայրենադարձներու համար կը կազմակերպուին նաեւ հայոց լեզուի դասընթացքներ: Մօտ 300 հոգի արդէն անդամագրուած է: Անոնց մէջ շատ են Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն եկած հայերը: Գրասենեակը ունի նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք եւս կը նպաստեն հայրենադարձութեան․ «Քայլ դէպի տուն», «Իգործ», «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան», «Սփիւռքի ներուժի քարտէզագրման», «Հայրենադարձութեան համարկումի կեդրոն»ի ստեղծման ծրագիր: