25 Տարի Առաջ Ազատագրուեցաւ Շուշին


«Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է ողջ Արցախին».

Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան)

25 տարի առաջ այս օրը` Մայիս 8ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ կամաւորական ջոկատները ազատագրեցին Շուշին:

Շուշիի բարձրունքէն թշնամին կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը եւ շրջակայ շրջաններն ու գիւղերը։ 1991ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1992ի Մայիսի սկիզբը Շուշիէն, Ջանհասանէն, Քէոսալարէն, Ղայպալթուիէն Ստեփանակերտի վրայ արձակուած է մօտ 4740 արկ, որոնցմէ մօտ 3 հազարը «Կրատ» կայանքներէ: Այդ հրետակոծութիւններուն հետեւանքով զոհուած է 111 եւ վիրաւորուած 332 խաղաղ բնակիչ, աւերուած 370 բնակելի տուն եւ շինութիւն:

Հակառակ հակառակորդի գերակշռող ուժին, հայ հերոսներու արիութեան եւ փայլուն մարտունակութեան շնորհիւ, Մայիս 9ին Շուշին վերջնականապէս ազատագրուեցաւ։ Շուշիի ազատագրումը բեկումնային էր Ղարաբաղեան պատերազմին մէջ:

Շուշին ազատագրելու գործողութիւնը իրականացուեցաւ 4 ուղղութիւններով։ Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարեց Ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատար, զօրավար  Արկադի Տէր Թադեւոսեանը(Քոմանտոս):

Ան կը պատմէ․ «Մէկ օրուան մէջ (26․5 ժամուան) մենք ազատագրեցինք Շուշիի ամրոցն ու անոր մերձակայ տարածքը: Յաղթանակը ապահովուեցաւ շնորհիւ մեր զինուորներու մարտական պատրաստուածութեան»:

Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը մշակման եւ իրականացման առումով գրեթէ անթերի, հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւն է, որով արմատական բէկում յառաջացուց Արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ: Անիկա տեւեց 26 ժամ եւ Մայիս 9ին արդէն Շուշին ազատագրուած էր:

Շուշիի ազատագրման մարտերուն հայկական կողմը ունեցեցաւ 57 զոհ, թշնամին` 250-300 սպաննուած, 600-700 վիրաւոր, 13 գերի:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս պարգեւ Մարտիրոսեանի խօսքով Շուշիի ազատագրութեամբ մենք ապացուցեցին, որ կրնանք ընել անհնարինը, իսկ ազրպէյճանցիները հասկցան, որ նոյնիսկ լաւագոյն դիրքերը իրենց ձեռքը ըլլալով` կրնան պարտութիւն կրել: