25 Տարուան մէջ Հայաստանէն Հեռացած է Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Մարդ


«Ազատութիւն»,- Անկախութեան 25 տարիներուն զգալիօրէն փոփոխուած է Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը` իր բոլոր բաղադրիչներով, իսկ մասնաւորապէս մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է աւելի քան կէս միլիոնով` 579 հազար 400-ով: Այս թիւը, սակայն, չ՛արտացոլեր արտագաղթի պատկերը, կը յստակեցնէ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Կույումջեանը:

«Ես հաշուարկած եմ, որ անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին մեր բնակչութեան բնական յաւելաճը կազմած է 440 հազար 800, իսկ նոյն ժամանակահատուածին գաղթը կազմած է 1 միլիոն 10 հազար, եւ ասոր հետեւանքով է, որ 25 տարիներու ընթացքին բնակչութեան թուաքանակը ոչ թէ միլիոնով նուազած է, այլ 570 հազարով», ըսած է Կույումջեան:

25 տարուան մէջ Հայաստանէն հեռացած է 1 միլիոն 10 հազար մարդ. այսպիսի ցուցանիշ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ստացած է միջազգայնօրէն ընդունուած մեթոտաբանութեամբ` հաշուի առնելով նաեւ 2001-ի եւ 2011-ի մարդահամարի տուեալները:

Իջած են նաեւ ծնելիութեան ցուցանիշները. եթէ 1991-ին Հայաստանի մէջ տարեկան ծնած է աւելի քան 77 հազար երեխայ, ապա 2015-ին` 41 հազարէն քիչ մը աւելի:

«Բնականաբար անկախութենէն ետք բոլոր առարկայական եւ ենթակայական պատճառները բոլորիս յայտնի է, ծնելիութեան ցուցանիշի անկում արձանագրուեցաւ եւ այդ անկումը տարիէ-տարի կ՛աւելնար եւ ուրեմն 77 հազարէն աւելի ծնունդէն ետք ամենացած ցուցանիշը արձանագրուեցաւ 2001-ին եւ ամենաբարձրը 2010 թուականին` 44 հազար 825 ծնունդ», ըսած է ան:

Հայաստանի մէջ այժմ չ՛ապահովուիր նաեւ 2 ծնողներու պարզ վերարտադրութիւնը. եթէ 1991-ին մէկ կնոջ բաժին կ՛իյնար միջինը 2.6 երեխայ, ապա 2015-ին ընդամէնը` 1.6:

«1991-ին այդ ցուցանիշը Հայաստանի մէջ կազմած է 2.6, այսինքն՝  ատիկա մէկ կնոջ հաշուով ծնած միջին ցուցանիշն է: Այսինքն, այստեղ ոչ միայն պարզ վերարտադրութիւն ապահոված է` կինը իր ամուսնական զոյգը վերարտադրած է եւ քիչ մըն ալ աւելի, իսկ 2015-ի մեր նոյն ցուցանիշը կազմած է 1.6», – ըսած է Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ժողովրդագրութեան բաժնի պետը:

Ըստ մասնագէտներու, մտահոգիչ է նաեւ Հայաստանի բնակչութեան ծերացումը, երբ երկրին մէջ ծնելիութեան ցուցանիշները ցած են, եւ բնակիչներու ընդհանուր թիւին մէջ աստիճանաբար կ՛աւելնան 63 տարեկանէն բարձր մարդիկ. եթէ 90-ականներուն թոշակառուները կը կազմէին բնակչութեան միջին մօտ 10 տոկոսը, ապա 2015-ին` արդէն 12.6 տոկոսը:

«Այդ ցուցանիշներու շարժը ցոյց կու տայ, որ այո, մեր մօտ մեծահասակ բնակչութիւնը կ՛աւելնայ, իր հետ բերելով բազմաթիւ խնդիրներ` ընկերային, առողջապահական եւ այլն, եւ շատ երկիրներու մէջ ծերացման բաղադրիչը երկիրները կը փորձեն օգտագործել ի օգուտ իրենց հասարակութեան, այսինքն` ներգրաւել զանոնք աշխատաշուկայի մէջ»,- ըսած է ան:

Կույումջեան կ՛ընդգծէ, որ ծերացման այս ցուցանիշներուն պատճառը ցած ծնելիութենէն բացի նաեւ կեանքի սպասուող միջին տեւողութեան աւելացումն է: Եթէ 1991-ին Հայաստանի մէջ միջինը կ՛ապրէին մօտ 70 տարի, ապա 2015-ին արդէն` 75 տարի:

Մշակութային մարդաբան Աղասի Թադեւոսեանի խօսքով, այս ցուցանիշներէն յատկապէս մտահոգիչ են արտագաղթի թիւերը:

«Ես գլխաւոր պատճառներուն մէջ առաջինը կը նշեմ վատ կառավարումը: Վատ կառավարման խնդիրներէն մէկը այն է, որ գաղթը Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի, որովհետեւ կառավարման գերակայութիւն չէ նշուած, չէ վերցուած երկրի զարգացումը, որ շատ տարօրինակ է, եւ սա կը նշանակէ, որ կառավարող վերնախաւերուն համար նաեւ անհրաժեշտ չէ այն ներուժը, որ կրնայ երկրի զարգացման հիմքը դառնալ, այսինքն` մարդկային ներուժը», ըսած է Թադեւոսեան: