30 Տարուան Ընթացքին «Հայաստան» Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մասնաճիւղը Իրականացուցած Է 107 Ծրագիրներ, 42-ը Հայաստանի, Իսկ 65-ը Արցախի Մէջ. Հարցազրոյց  Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ


Թորոնթոհայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ կառուցուած դպրոցներէն նմոյշներ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրման 30-ամեակը։ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման նպատակով տարուած երկար տարիներու բեղուն աշխատանքին արդիւնքով կառուցուած բարեգործական ծրագիրները կը վկայեն այդ հսկայ աշխատանքին տարողութեան մասին։ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը առ այսօր իրականացուցած է աւելի քան 150 բարեգործական ծրագիրներ՝ դպրոցներ, բուժկէտեր, ջրատարներ եւ այլ կառոյցներ, որոնք իրականութիւն դարձած են թորոթոնթոհայ գաղութին աջակցութեամբ, եւ թեթեւցուցած մեր հայրենակիցներուն հոգերուն մէկ մասը։ Այս առթիւ «Թորոնթոհայ» զրուցեց Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ՝ թորոնթոհայութեան   յաջողութիւններով պսակուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ կատարուելիք էական ծրագիրներուն մասին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հարցում-Ե՞րբ եւ ինչպիսի՞պայմաններու ներքոյ հիմնուեցաւ Թորոնթոյի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը եւ ի՞նչն է անոր առաքելութիւնը։

Պատասխան- 1991-ի Սեպտեմբերին, երբ Արցախը ու Հայաստանը անկախացան, մեր հայրենիքը բազում մարտահրաւէրներու դէմ հանդիման էր. եւ որպէսզի Սփիւռքի ներուժը համադրուի, 3 Մարտ 1992-ին օրէնքով հիմնուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։ Հիմնադրամի մայր առաքելութիւնն է ընտրել եւ իրականացնել բարեսիրական ենթակառուցուածքային առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող մարդասիրական ծրագրեր, ի մասնաւորի դպրոցներ, բժշկական եւ համայնքային կեդրոններ, տուներ, ջրամատակարարման ցանցեր եւ այլ բարեսիրական կառոյցներ։

Հ.- Առ այսօր ինչպիսի՞ ծրագիրներ իրականացուցած էք Հիմնադրամը եւ դրական ի՞նչ արդիւնքներ քաղած էք այդ առումով։

Պ.- 30 տարուան մեր գործունէութեան ընթացքին իրականացուցած ենք 107 ծրագիրներ, որոնց 42-ը Հայաստանի մէջ, իսկ 65-ը Արցախի մէջ է։ Ինչպէս որ յիշեցի, Արցախի մէջ կառուցեցինք բազմաթիւ դպրոցներ, բժշկական եւ համայնքային կեդրոններ, տուներ, ջրամատակարարման ցանցեր եւ կազամուղներ։ Նկատելով որ բազմաթիւ գիւղերու մէջ իրականացուցած ենք այս ծրագիրները՝ արցախցիները բաւական ծանօթ են Թորոնթոյի Հիմնադրամին եւ ուրախութեամբ կը նշեն մեր գործունէութիւնը, որ կը ծառայէ իբր խթան մեզի, որպէսզի մենք մեր առաքելութիւնը շարունակենք։

Հ.- Այսօր, յետպատերազմեան շրջանինԱրցախը եւ մեր հայրենակիցները աւելի քան երբեւէ սփիւռքի աջակցութեան կարիքը ունին, այս առնչութեամբ ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հիմնադրամը։ 

Պ․- Այո՛, յետպատերազմական պայմաններու ամենակարեւոր խնդիրը անտուն մնացած մեր հայրենակիցներուն համար բնակարաններ ապահովելն է։ Ուրեմն՝ մենք կը կառուցենք 34 ընտանիքներու համար տուներ Արցախի Իվանեան գիւղին մօտ։ Այս տուները պիտի բաժնուին Ուղտասար համայնքի ժողովուրդին, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցին, ներառեալ մեր կառուցած Մոնթէ Մելքոնեանի անուան դպրոցը եւ խմելու ջուրի ցանցը։

Հ.- Հիմնադրամի հիմնադրութենէն 30 տարիներ անց,  երբ յետադարձ հայեացքով ետ նայինք` Հիմնադրամին մեծագոյն ներդրումը ո՞րը կը համարէք։

Պ.- Հիմնադրամի մեծագոյն ներդրումը եղած է այս երեք տասնամեակներու ընթացքին համադրել Սփիւռքի մայր կեդրոններու բարեսիրական ներմուծումները դէպի Հայրենիք։

Հ.- Արցախն ու Արցախցին, եւ ինչո՞ւ չէ անոնց թիկունք կանգնած Հայաստանցին, ինչերո՞ւ կարիք ունին այսօր։ Թորոնթոյի Հիմնադրամը ի՞նչ ծրագիրներ կազմած է այս ուղղութեամբ։

Պ.- Հայաստանը եւ ի մասնաւորի Արցախի գիւղերը դեռ շատ պէտք ունին արդիական ենթակառուցուածքներու։ Մեր ներկայ 34 տուներու շինարարութեան կողքին, ունինք հետեւեալ նոր ծրագրերը. Ընդառաջելով լուսահոգի Պրն. Յարութիւն Եսայեանի կտակին, պիտի վերանորոգենք Երեւանի Նորքի տարեց քաղաքացիներու տունը։ Տէր եւ Տիկ․ Սարգիս եւ Հայկուհի Մառանճեաններու կարկառուն նուիրատուութեամբ պիտի կառուցենք նոր մանկապարտէզ մը Վարդենիսի մէջ։ Շուշիի Դանիէլ Ղազարեան երաժշտական դպրոցը վերաբացուած է Ստեփանակերտի մէջ, որուն շէնքը պէտք ունի վերանորոգման, եւ վերջապէս, մեր կառուցած 34 տուներու կողքին պիտի ունենանք խաղավայր մը, որուն գումարը պիտի գոյանայ Թորոնթոյի մէկ ամէնօրեայ եւ հինգ միօրեայ հայ վարժարաններու աշակերտներու նուիրատուութիւններով։ Սոյն դրամահաւաքը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան մէջ, եւ այս նոր խաղավայրը պիտի կրէ «Նուիրուած Թորոնթոյի Աշակերտութեան կողմէ» ցուցատախտակը։

Այս տարի կը ծրագրենք նաեւ վերսկսիլ մեր աւանդական հանգանակային ճաշահանդէսը Հոկտեմբեր կամ Նոյեմբեր ամսուն, տօնելու համար մեր 30-ամեակը։

Հ._ Հիմնադրամի 30-ամեակի առթիւ ի՞նչ կոչ կուղղէք Թորոնթոհայութեան ընդհանրապէս եւ «Թորոնթոհայ» թերթի ընթերցողներուն՝ յատկապէս։

Պ.-Նախ Հիմնադրամի վարչութեան անունով կ’ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք ո՛չ միայն կը բնակին Թորոնթոյի շրջակայքը, այլ ամբողջ անգլիախօս Գանատայի տարածքին՝ Օթթաուայէն մինչեւ Վանգուվըր։ Առանց մեր նուիրատուներուն, մենք չէինք կրնար իրականցնել մեր առաքելութիւնը։ Յետոյ կ՚ուզեմ աւելցնել, թէ մեր աշխատանքը դեռ չէ աւարտած, որովհետեւ մեր Հայրենի քոյրերն ու եղբայրները պէտք ունին Սփիւռքի աջակցութեան, որպէսզի երկրի զարգացումը դեպի 21-րդ դարու կէսերը աւելի արագանայ, ունենալով բարեկեցիկ պայմաններ՝ այնպէս ինչպէս որ է Արեւմտեան երկիրներու մէջ։

Վերջապէս կը խնդրեմ մեր նուիրատուներէն, ինչպէս նաեւ բոլոր ձեր ընթերցողներէն, որոնք մինչեւ այսօր, եթէ առիթը չեն ունեցած, մասնակցին մեր ծրագիրներուն՝ «Ազգային Տուրք»ի սկզբունքով, այսինքն՝ կամ ամէն ամիս կամ ալ ամէն տարի շարունակաբար։

Հ.- Ձեր կարծիքով ո՞րն է դժուարութիւնը հարթելու գաղտնիքը կամ ծանրագոյն կացութենէն փրկուելու ճանապարհը,  մէկ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին մղձաւանջը վերացնելու համար ինչպիսի՞ միջոցներու պիտի դիմէ Հիմնադրամը։ 

Պ-. Ի վերջոյ Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներն են որ պիտի կերտեն ու յառաջ մղեն մեր երկիրը։ Մենք պարզապէս պիտի մասնակցինք մեր ներդրումներով ու պիտի կատարենք մեր ազգային պարտականութիւնը, թեթեւցնելով իրենց մարտահրաւէրները եւ նոյն ատեն իմաստաւորելով մեր կեանքը Սփիւռքի մէջ։

Ձեր նուիրատուութինները կարող էք մեզի ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ ստանալու համար տուրքազերծ ստացագրեր։ Կանխայայտ շնորհակալութիւններ «Թորոնթոհայ»ի խմբագրութեան եւ մեր նուիրատուներուն։

HAYASTAN FOUNDATION TORONTO INC.100 Northdale Road,Toronto, ON, M2L 2M1 

Առցանց՝ https://www.canadahelps.org/en/charities/hayastan-foundation-toronto-inc/