300 Վանաձորցի Երեխաներ Պիտի Մասնակցին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Ճամբար 2017»ին


ՎԱՆԱՁՈՐ – 7րդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին պիտի մասնակցին 9-15 տարեկան 300է աւելի վանաձորցի երեխաներ, որոնք պիտի հետեւին ԳԵՄի 13 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք… Ճամբարը սկիզբ պիտի առնէ Յուլիս 10ին։

Այս տարուան ծրագիրը դարձեալ կ՚ընդգրկէ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւերուն։

Ճամբարի ամենօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Գանատայէն, Լոս Անճելըսէն եւ Երուսաղէմէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 17 անդամներ։