35ամեակ Թորոնթոյի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան


Աննա Սըղման – Թուլումճեան


Մայիս 17ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Համազգային Թատերասրահին մէջ, հաւաքուաքուած խուռներամ բազմութեամբ` տեղի ունեցաւ “Վարք Սրբոցն Հայոց: Յաղթութեան Շաւիղ” ներկայացումը` պատրաստուած Կիրակնօրեայի աշակերտութեան կողմէ, որ նուիրուած էր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 35ամեակին:

Յայտագիրը կը ներկայացնէր Հայ Սուրբերը իրենց ժամանակաշրջաններով`

Ա. Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաջին լուսաւորիչները:

Բ. Սուրբ Հռիփսիմեանց եւ Սուրբ Գայեանեանց:

Գ. Սուրբ Գրիգոր երկրորդ լուսաւորիչ:

Դ. Սրբոց Թարգմանչաց:

Ե. Վարդանանք:

Զ. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի:

Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէր ու կը նախագահէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան: Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձուներու կազմը, մարմիններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ գործակից մարմիններ, ծնողներ ու հարազատներ:

Բացումը կատարեց կիրակնօրեայի տնօրէնուհի Մարիժան Պայրագտարեան – Զաադար: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ձեռնարկին դրդապատճառը եւ նպատակը: Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայի հիմնադրութեան եւ շարունակական ընթացքին ինչպէս նաեւ` կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադիր տնօրէնուհի Էօժենի Շէհիրեանի բերած նպաստին մասին:

Ներկայացումը կը կատարուէր Զուարթնոց եկեղեցւոյ նկարին շողշողուն ճառագայթներուն ներքեւ: Կիրակնօրեայի աշակերտները սուրբերու եկեղեցական տարազներով զգեստաւորուած, հերթաբար բեմ բարձրացան, ներկայացնելու հայ ժողովուրդի սուրբերու պատմութիւնը, սկսեալ Առաջին լուսաւորիչներէն հասնելով մինչեւ մեր օրեայ նահատակները: Ձեռնարկին յատուկ փայլք տուին հրեշտակները իրենց ձեռքերնին ունենալով լապտերներ` կամար կազմելով սուրբերուն շուրջ եւ երգելով եկեղեցական շարականներ:

Եկեղեցական զգեստները պատրաստուած էին յատուկ խնամքով եւ ձեռային բացառիկ աշխատանքով `  փայլք տալով սուրբերու տարազին:

Վերջաւորութեան բեմ հրաւիրուացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին, ձեռնակի օժանդակ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Ան իր հիացումը յայտնեց ձեռնարկի կատարողութեան, ձեւին եւ իմաստին, ցոյց տուլով կիրակնօրեայի աշակերտները եւ ընդգծելով  կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիրակութեան արժէք: Ան ըսաւ. ՙՄեր դպրոցի դարպասը բաց է բոլորին համար, ղրկեցէք ձեր մանուկներուն եւ յանձնեցէք ապահով ձեռքերու՚:

Պահպանիչով փակեցաւ ձեռնարկը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: