Անցնող չորս տարիներուն տարբեր ահաբեկիչ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ մնալէ ետք Հալէպի «Ազգային ծերանոց»ը անցաւ Սուրիոյ բանակի անմիջական վերահսկողութեան տակ: Հալէպի«Արեւելք»ի աղբիւրը յաջողեցաւ ուղղարկել շրջանէն առնուած կարճ տեսագրութիւն մը, ուր մանրամասնօրէն երեւելի կը դառնայ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու գործած աւերածութիւնն ու բարբարոսութիւնը :
Նշենք, որ Հալէպի պատկան մարմիններ նախազգալով այդ շրջանին վտանգուած ըլլալը յատուկ կարգադրութիւն մը ընելով ծերանոցին մէջ ապաստանած մեծահասակ պապիկներն ու մամիկները տեղափոխած էին ապահով շրջան:
Անցնող օրերուն տեղի ունեցած զարգացումները եւ Սուրիոյ բանակին գրանցած յաջողութիւնները կտրուկ ձեւով նոր իրավիճակ պիտի ստեղծեն Հալէպի մէջ:
Ըստ վերլուծաբաններու, Հալէպի մեծ յաղթանակի օրը մօտեցած է. Սուրիոյ բանակը յառաջիկայ օրերուն իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ, ոչ մայն քաղաքի արեւելեան հատուածները, այլ ամբողջ Հալէպը: