44-օրեայ Պատերազմին Որդի Կորսնցուցած 60-ամեայ Զոյգը Երեխայ Պիտի Ունենայ


«News.am»-Քանի մը ամիս անց պիտի ծնի 44-օրեայ պատերազմին միակ որդին կորսնցուցած 60-ամեայ զոյգի երեխան ու անոնց դէմքին կրկին ժպիտ պիտի յայտնուի:

Այս մասին յայտնած է Շէնգաւիթ հիւանդանոցի Վերարտադրողական առողջութեան կեդրոնի կնոջաբան (Gynecologist-reproductologist) Աննա Խաչատրեան` յայտնելով, որ սա իր աշխատանքային գործունէութեան ամենայուզիչ դէպքերէն մէկն է:

«44-օրեայ պատերազմէն ետք մեր մօտ տղամարդ մը եկաւ, պատմեց, որ միակ որդին պատերազմի ժամանակ կորսնցուցած է եւ հիմա կ’ուզէ նորէն երեխայ ունենալ: Ի դէպ, առանց կնոջ էր, հարցուց` կարնա՞նք երեխայ ունենալ: Չեմ թաքցներ, սկիզբը զարմացայ, յետոյ յուզուեցայ: Հասկցայ, որ անչափ պատասխանատու առաջադրանք կայ առջեւս», նշած է բժիշկը:

Զոյգը շատ լաւ կը հասկնար, որ տարիքը հնարաւոր է խնդիր հանդիսանայ, բայց նաեւ կ’ըսէին, որ պատերազմի ժամանակ իրենց միակ որդին կորսնցուցած են ու այսպէս պարզապէս չեն կրնար ապրիլ:

«Յաջորդ այցը արդէն կնոջ հետ էր: Ի հարկէ պարզ է` բնական ճանապարհով երեխայ չէին կրնար ունենալ, եւ ես անոնց պատմեցի Արտամարմնային բեղմնաւորման միջոցով` փոխնակ մօր օգնութեամբ երեխայ ունենալու տարբերակի մասին: Մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին: Անոնց վիշտը շատ մեծ էր: Ես կ’ուզէի օգնել զոյգին, տեսայ անոնց ապրումները, վիշտը, նաեւ ուրախութիւնը, երբ պարզ դարձաւ, որ փոխնակ մօր միջոցով կրնան երեխայ ունենալ», պատմած է բժիշկը:

Փոխնակ մօր ընտրութենէն ու բազմաթիւ հետազօտութիւններ, բաւական երկարատեւ աշխատանք մասնագէտներու հետ․․․ եւ վերջապէս զոյգին օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած փոխնակ մայրը արդէն յղիութեան 3-րդ եռամսեակին մէջն է:

«Զոյգը փոխնակ մօր հետ կապի մէջ է, այցի կ’եթան ու անհամբեր կը սպասեն իրենց զաւակին լոյս աշխարհ գալուն», յայտնած է բժիշկը: