“Exceed Robotics”-ի Հիմնադիր Շանթ Փայլեան «Քորոնա» Ժահրէն Պաշտպանուելու Համար Թորոնթոյի Հիւանդանոցներուն Օգնութեան Կը Հասնի


Շանթ Փայլեան

Թորոնթոյի ՀՕՄի ամէնօրեան վարժարանի շրջանաւարտ Շանթ Փայլեան “Exceed Robotics” ընկերութեան համահիմնադիր տնօրէնն է։ Ան վերջերս Թորոնթոյի գլխաւոր հիւանդանոցներու մէջ աշխատողներուն՝ «քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար բժշկական դիմակներ եւ շնչառական գործիքներ կը պատրաստէ։

 «Թորոնթոհայ»ի թղթակից Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան հարցազրոյց կ՛ունենայ Շանթին հետ, որ իր կատարած աշխատանքին մասին մանրամասնութիւններ կու տայ, առաւել ան կոչ կ՛ուղղէ անոնց, որոնք իրենց մասնագիտութեամբ կրնան օգտակար ըլլալ այս գործին՝ այցելել “Exceed Robotics”-ի Facebook-ի եւ Instagram-ի էջեր, ուր կը հրապարակուի այս նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ, մանաւանդ անոնք, որոնք 3D printer ունին։

 

 

Շանթ Փայլեան 3D printer-ով դիմակներ եւ այլ գործիքներ կը պատրասստէ։