«Google Play»ը 2017ի Ամէնէն Զուարճալի Ծրագիրը Ընտրեց Հայկական «PicsArt»ի «Animator»ը


“Ասպարէզ”,-Լուսանկարներ խմբագրելու եւ տարածելու լաւագոյն ծրագիրներէն մէկն է հայկական «ՓիքսԱրթ» ընկերութեան «Էնիմէյթըր» ծրագիրը, որ «Կուկըլ Փլէյ»ի կողմէ ընտրուած է իբրեւ 2017ի ամէնէն զուարճալի ծրագիրը, յատկապէս՝ «խելացի» հեռաձայններու (smart phone) համար:

Անոնք, որոնք կը գործածեն այս ծրագիրը, կրնան «իմոճի»ներով, «սթիքըր»ներով ու այլ պատկերներով ու գրութիւններով շարժուն նկարներ եւ տեսանիւթեր պատրաստել։

Հոկտեմբեր 2017ի դրութեամբ, լուսանկարները խմբագրելու «ՓիքսԱրթ» ընկերութեան ծրագիրները ունին աւելի քան 100 միլիոն օգտատէրեր։ Ամբողջ աշխարհի մէջ այս ծրագիրը 2017ին ներբեռնուած է 450 միլիոն անգամ եւ կը գործածուի 30 լեզուներով։

«ՓիքսԱրթ»ը 2011ին մշակուած է հայ ծրագրաւորողներու կողմէ եւ բացի անոր զուարճալի կողմերէն՝ օժտուած է նաեւ այլ կարելիութիւններով, որոնք կրնան գործածուիլ համակարգչային արհեստավարժ ծրագիրներու մէջ։