IDeAն Կ՝աջակցի Շուշիի Վերին Մզկիթի Վերականգնման


«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամի համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Շուշիի մէջ կ՝ընթանայ Գոհար Աղա (Վերին Ճումա) մզկիթի վերականգնման ծրագիրը:

Շուշիի Գոհար Աղա մզկիթի վերականգնման ծրագիրը մեկնարկած է 2015ին, երբ IDeA հիմնադրամի նուիրատու, գործարար Գայրադ Պորանպաեւ՝ Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցին ժամանակ՝ ցանկութիւն յայտնած է իր աջակցութիւնն ու ներդրումը ունենալու մզկիթի վերականգնման գործին մէջ եւ այդ նպատակով կատարած է մեծ հանգանակութիւն:

Մզկիթի վերականգման ծրագիրին IDeA հիմնադրամը հանդէս կու գայ իբրեւ հարթակ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան, «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամի (Revival of Oriental Historical Heritage Foundation) եւ նուիրատուի միջեւ:

Ծրագիրով կը նախատեսուի հիմնովին վերականգնել մզկիթը` ապահովելով անոր նախնական տեսքը, բարեկարգել յարակից տարածքը եւ իրականացնել մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող դպրոցի շէնքին հիմնական ամրակայման աշխատանքները` կառոյցի յետագայ փլուզումը կանխելու համար: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ պահպանելու պատմամշակութային յուշարձանը եւ անիկա ապագային օգտագործելու իբրեւ մշակութային-զբօսաշրջային կեդրոն: Արդէն իրականացուած են մզկիթի տարածքի երկրաբանական ուսումնասիրութիւնները, կատարուած են հնագիտական պեղումներ, աւարտած են նախագծային եւ նախահաշուային աշխատանքները: Ներկայիս այնտեղ կ՝ընթանան բուն շինարարական աշխատանքները:

«Շուշին Արցախի իւրօրինակ վայրերէն մէկն է, իսկ Վերին մզկիթը` Շուշիի հին քաղաքի հարուստ պատմութեան եւ մշակոյթի անքակտելի մասը: Ուրախ ենք, որ մեր նուիրատուներէն մէկը ցանկութիւն յայտնեց գումար նուիրաբերելու այդ յուշարձանի վերականգնման համար: Ծրագիրը թոյլ պիտի տայ ոչ միայն ներկայացնելու տարածաշրջանի եւ Շուշիի պատմամշակութային ժառանգութիւնը, այլեւ նոր կեդրոն ստեղծելու Արցախի զբօսաշրջային քարտէզին վրայ», ըսած է  IDeA հիմնադրամի Արցախի զարգացման ծրագիրի ղեկավար Սուրէն Ամիրբեկեան:

Քանի որ մզկիթը իրանական պատմամշակութային յուշարձան է, վերականգնման ծրագիրի նախագծային աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են իրանական Part Saman Jahan ճարտարապետական ընկերութիւնը եւ իրանցի մասնագէտներ: Ծրագիրին գործընկերն է «Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդ»ի Հայաստանի ազգային կոմիտէն`  ICOMOS Հայաստանը, որ փորձաքննութեան ենթարկած է նախագծային աշխատանքներու համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներուն:

Մզկիթի վերականգնման աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել 2018ի աշնան: