Peace of Artը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչով Վահանակներ Կը Տեղադրէ


«Փանարմինըն»․- Peace of Art կազմակերպութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին ընդառաջ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէթս նահանգի 7 բանուկ մայրուղիի վրայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն կը զետեղէ ելեկտրոնային վահանակներ, իսկ Ապրիլ 1էն Պոսթընի հարաւ-արեւելեան ճեպընթաց մայրուղիի վրայ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

«2017ի Ապրիլը կը համարուի աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու եւ Հոլոքոսթի յիշատակման ամիս, եւ այդ առիթով մեր վահանակներով կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` յարգելով յիշատակը նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ նահատակներուն:

«2016ին Հռոմի պապը այցելելով Հայաստան` եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ, անձնապէս յարգելով 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Վահանակը կ՛արտացոլէ պատմական այն պահը, երբ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բի հետ միասին Պապ Ֆրանչիսկոսը կաթոլիկ աշխարհի անունէն խաղաղութեան պատգամ կը յղէ Թուրքիոյ դէպի Մասիս թռցուցած աղաւնիներով` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է Peace of Art կազմակերպութեան հիմնադիր, նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:

Peace of Art կազմակերպութիւնը 2015ին տեղադրած էր հարիւր վահանակ` նուիրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան վահանակներ Գերմանիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին անոր` 2015ի Ապրիլ 12ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սուրբ պատարագի մատուցման եւ այն 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը անուանելուն համար:

2003ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը հիմնած է Peace of Art անշահոյթ կրթական մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն իրազեկելով մարդկային գոյավիճակի մասին, նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման` առանցք ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: