«Rudi Travels the World»․ Ռուտիին Հետ Մանուկները Կը Բացայայտեն Երկիրներ


«Rudi Travels The World» ուսուցողական գիրքի միջոցով կրնաք միանալ Ռուտիին ու երեւակայական ճանապարհորդութեամբ բացայայտել շատ հետաքրքրական կենդանիներ եւ հիանալի վայրեր, ինչպէս նաեւ կը հասնիք Հայաստան ու կը վայելէք մեր հայրենիքի գեղատեսիլ վայրերն ու կը ծանօթանաք հայոց աշխարհի արագիլներուն։

 

«Rudi Travels The World» Մանկական Արկածախնդրական Գիրքի Մասին

 Նայիրի Շահինեանի՝ «Adventures With Rudi» շատ յաջող մանկական պատմութեան գիրքի երկրորդ հատորը` «Rudi Travels The World»ը, արդէն հրատարակուած է եւ կը սպասէ իր սիրելի ընթերցողներուն, որպէսզի անոնք ալ պատմութեան հերոսներուն՝ Ռուտիին, Ճազիին եւ Գրիգին հետ երեւակայական ճամբորդութիւն մը կատարեն աշխարհով մէկ։

Առաջին դասարանէն մինչեւ չորրորդ դասարանի աշակերտներուն ընթերցելու համար յարմար նկատուող եւ մի քանի գլուխներէ բաղկացող՝ «Adventures With Rudi»ի գլխաւոր հերոս՝ Goldie poo տեսակին պատկանող Ռուտի շնիկը, զինքը սիրող ընտանիքի զաւակներուն՝ Ճազիին ու Գրիգին հետ զուարճալի բազաթիւ արկածներու ընդմէջէն ծիծաղի, սիրոյ, հոգատարութեան, ընտանիքի ջերմութեան, գուրգուրանքի, ընկերասիրութեան բազմաթիւ բարոյական դասեր սորվեցուց մեզի։ Ռուտիին հետաքրքրասիրութիւնն ոււ բարութիւնը յայտնաբերեցինք իւրաքանչիւր արկածի ընթացքին, երբ ան փրկեց հիւծուած ճնճղուկը, ուրախացուց երեխաները, փրկեց իր սառած ընկերոջը եւ նոյնիսկ հանդիպեցաւ Կաղանդ պապուկին:

Առաջին հատորին յաջողութենէն ետք, Նայիրի Շահինեանը վճռական էր իր ընտանիքին մէկ անդամը նկատուող ու մեծ սիրտ ունեցող գեղեցիկ շան՝ Ռուտիի արկածախնդրական պատմութիւնները շարունակելու։

Զոյգ գիրքերուն գլխաւոր հերոսները՝ Ճազին ու Գրիգը, հեղինակին զաւակներն են, որոնք այս նոր հատորին մէջ Ռուտիի ընկերակցութեամբ, իրենց տան բակի ծառատան մէջէն, երեւակայութեամբ կը ճամբորդեն դէպի Ալասգա՝ Գանատայի հիւսիսի բաժինը, Ֆլորիտա, Արժանթին, Աւստրալիա, Եգիպտոս եւ Հայաստան: Անոնք կը ծանօթանան իւրաքանչիւր երկրի նշանաոր կենդանիներու՝ կեռ կէտերու, սպիտակ արջերու, ծովային կրիաներու, փենկուիններու, քէնկուրուներու, արջերու, ուղտերու եւ արագիլներու մասին: Որոշ ճանապարհորդութիւններու ժամանակ անոնք իրենց հետ կը տանին նաեւ իրենց ընկերներն ու զարմիկները: Հեղինակը  արկածներով լի ճանապարհորդութեան միջոցաւ փոքրիկներուն կեանքի դասեր կու տայ. իւրաքանչիւր արկածախնդրութիւն ո՛չ միայն կենդանիներու եւ աշխարհին մասին գիտելիք կը փոխանցէ, այլեւ նոր ընկերներ ձեռք բերելու ժամանակ նոր բաներ յայտնաբերելու ջերմ ու ուրախ զգացողութիւն, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէ ընթերցողները հետապնդել իրենց երազանքները եւ Ռուտիի օրինակին հետեւելով ապրիլ բարութեամբ, կարեկցանքով, սորվելու ցանկութեամբ, խանդավառութեամբ եւ սիրով:

«Rudi Travels the World» ուսուցողական գիրքը կարդալով այս ամառ կրնաք  դուք ալ միանալ Ռուտիին, Ճազիին եւ Գրիգին ու երեւակայական ճանապարհորդութեամբ աշխարհով մէկ ճամբորդել եւ բացայայտել  շատ հետաքրքրական կենդանիներ եւ հիանալի վայրեր։ Այդ ճամբորդութեան վերջաւորութեան կը հասնիք Հայաստան ու կը վայելէք մեր հայրենիքի գեղատեսիլ վայրերն ու կը ծանօթանաք արգիլներուն։

Լրացուցիչ տեղեկություններու համար կրնաք այցելել www.adventureswithrudi.com կայքը, իսկ գիրքը կրնաք ձեռք բերել Համազգայինի գրատունէն: