«Ներշնչումը գաղտնի ոյժ մըն է». հարցազրոյց՝ Սէրուժ Գրաճեանին հետ (Ա. մաս)


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

«Երաժշտութիւնը առանց սահմանի» նշանաբանով ճամբայ ելած «Ճունօ» մրցանակի մրցանակակիր եւ «Կրէմի» մրցանակի առաջադրուած, Գանատայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ՝ աշխարհահռչակ ֆիլհարմոնիկ նուագախումբերու եւ երաժիշտներու հետ ելոյթներ ունեցած, կամերային երաժշտութեան համերգներով բեմ բարձրացած, տասնեակ ձայնագրութիւններու հեղինակ՝ գանատահայ դաշնակահար եւ երգահան Սէրուժ Գրաճեանի երաժշտական հեւքն ու թռիչքը սահման չի ճանչնար։

Համաշխարհային մաշտաբով հռչակաւոր, երաժշտական աշխարհի մէջ դափնեկիր եւ բարձրագոյն մրցանակներու թեկնածու երաժիշտ-երգահանին հետ առիթը ունեցայ զրուցելու անցեալէն՝ այսօր երկարող երաժշտական ուղիին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի իր նորաոճ եւ բազմազան ծրագիրներուն մասին։



Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Որմէ՞ ժառանգած էք ձեր երաժշտական շնորհքը եւ ինչպէ՞ս յայտնաբերած էք ձեր տաղանդը։

Սէրուժ Գրաճեան– Սերած եմ երաժիշտ չեղող, բայց երաժշտասէր հայ ընտանիքէ մը, որ ընտանեկան հաւաքոյթներու եւ հանդիպումներու ընթացքին յաճախ երգելով եւ տան մէջ գտնուած երաժշտական գործիքներով երգերուն նուագակցելով ճոխացուցած է այդ հանդիպումները։ Իմ պարագայիս, ծնողքս կ’ըսեն, թէ՝ նախքան խօսիլս, արդէն կ’երգէի, մրթմրթալով եղանակներ կը յօրինէի եւ ընտանիքի անդամներու անուններով երգեր կը ստեղծէի։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, երկու եղելութիւններու առկայութեամբ արտացոլուած է իմ տաղանդը։ Առաջինը` երբ պատերազմի պատճառած տխուր պահերը մեղմացնելու համար, ծնողքս որոշեցին դաշնամուր բերել տունը եւ ես ինքնաշխատութեամբ սկսայ նուագել՝ ձայները իրարու կապելով, ապա սկսայ երաժշտական դասերու հետեւիլ եւ շատ արագ յառաջդիմեցի։ Շատ ժամանակ չանցած Télé Liban-էն սփռուած ազգային երաժշտական մրցոյթին առաջին մրցանակ ստացայ եօթը տարեկան հասակիս:  

Երկրորդը` Համազգայինի նորակազմ «Ծնծղայ» երգչախումբի ամենափոքր մասնակից անդամը դարձայ, հինգ տարեկան հասակիս՝ լաւ երգեցողութեանս արդիւնքին շնորհիւ:

«Ծնծղայ»-ին կրտսերագոյն երկու անդամները` Սէրուժ Գրաճեանը եւ Դալար Հարպոյեանը (ձախէն առաջինը եւ երկրորդը), 1978 (լուսանկարը տրամադրած է բժշկ. Կարպիս Հարպոյեան)

Իսկապէս, քաղաքացիական պատերազմի այդ չարաբաստիկ տարիներուն, բոլորիս` փոքրիկներուն, ծնողներուն եւ ընդհանրապէս հայութեան համար մեծ հպարտութիւն եւ փորձառութիւն էր երաժշտութեան սէրն ու անոր ներշնչած ոգեւորութիւնը ապրիլ, զայն բաշխել երգչախումբի մօտաւորապէս 40 անդամներուն միջեւ եւ անշուշտ հանդիսատեսին։

Ահաւասիկ, այս երկու կարեւոր իրադարձութիւններն էին տաղանդս յայտնաբերող առիթները, որոնցմէ ետք երաժշտական ճանապարհս շարունակեցի ուսուցիչներու հսկողութեան տակ։

ՏՄԿ- Որո՞նք կամ ինչե՞րը հանդիսացած են ձեր ստեղծագործութիւններուն ներշնչման աղբիւրները։

ՍԳ- Ներշնչումը գաղտնի ոյժ մըն է. արուեստին մէջ խորացած արուեստագէտը անգիտակ կ’ունենայ զայն։ Ներշնչման աղբիւրը տարիքի բերած փորձառութեան հետ կը փոխուի եւ տարբեր ազդեցութիւն կը պարգեւէ արուեստագէտին։ Իմ պարագայիս,  ներշնչման աղբիւրս կը տարբերի այլ արուեստագէտներու ներշնչման աղբիւրներէ, որովհետեւ ես զաւակն եմ բազմաչարչար ազգի, միեւնոյն ժամանակ՝ վերապրող լիբանանահայու, հետեւաբար չարչարանքին եւ կրակին մէջէն ապահով դուրս ելլելու քաջութիւնն ու յոյսը ունենալու ճիգը միշտ եղած է հետս եւ փարոսի նման ուղղութիւն տուած է ինծի։ Ազգիս եւ ծննդավայրիս բախտը շատ ծանր եղած է, բայց այդ ցաւէն դուրս ելլելու ուրախութիւնը տարբեր համ ու հոտ ունի ինծի համար։

Ներշնչման աղբիւր կրնան ըլլալ նաեւ կեանքի եւ բնութեան գոյները։ Երբեմն նոյնիսկ մանկութենէս ենթագիտակցութեանս մէջ դրոշմուած պատկեր մը կը ներշնչէ զիս, կամ նոյնիսկ անկանխատեսելի երեւոյթ մը. սակայն այդ պահուն պատրաստ պէտք է ըլլաս շուտով արձանագրելու ինչ որ մտքիդ մէջ է, այսինքն` մեղեդին, չափը, կշիռը, ներդաշնակութիւնը եւ համահունչ աքորտները՝ այլապէս օդին մէջ կը կորսուի այդ ներշնչումը եւ անկրկնելի կ’ըլլայ այդ յոյզերը առաջացնող պահը։ Ահաւասիկ, ճիշդ այդ պատճառով է, որ յօրինող արուեստագէտը շատ անգամ տարբեր աշխարհի մը մէջ ապրող անձ մըն է.  երբեմն գաղափար մը կու գայ միտքդ եւ քեզ այնքա՛ն կը տանջէ, որ եղած միջավայրդ կը ձգես ու դաշնամուրի գլուխ կ’անցնիս` յօրինելու եւ չկորսնցնելու զայն։

ՏՄԿ- Զանազան երկիրներու մէջ ապրիլը ինչպիսի՞ առաւելութիւն կու տայ երաժիշտ- արուեստագէտին։

ՍԳ- Ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրելուս եւ տուեալ երկիրներուն մշակոյթը, երգարուեստը եւ երաժշտական լեզուն իմս դարձուցած ըլլալուս համար։ Օրինակ՝ ապրելով Սպանիոյ մէջ, ուզած եմ ինքզինքս մխրճել ֆլամենքոյի եւ թանկոյի երաժշտութեան մէջ՝ սպանացիի մը զգացումները ապրելով, հետեւաբար յօրինումներուս մէջ այդ մէկը շատ կ՛արտացոլայ, նաեւ Գերմանիոյ մէջ ապրելու շրջանիս՝ Պախ, Մոցարթ, Հայտըն, Պեթհովեն, Պրամս եւ Լիստ ազդած եւ ներշնչած են զիս, եւ ուզած եմ գերմանացիի մը դիտանկիւնէն տեսնել, հասկնալ, զգալ եւ խորը թափանցել, ապա՝ ինքնուրոյն դրոշմս դնել այդ երաժշտութիւնները մեկնաբանած ժամանակս։

Երեք աշխարհահռչակ Թորոնթոհայ արուեստագէտներ՝ (ձախէն՝ աջ) Աթօմ Եկոյեան, Լեւոն Իշխանեան եւ Սէրուժ Գրաճեան (լուսանկար՝ Սէրուժ Գրաճեանի Facebook-ի էջէն)

Միտքս միշտ բաց պահած եմ զանազան մշակոյթներու աւանդութիւնները ընկալելու… այս մէկը շատ կարեւոր հանգամանք մըն է ինծի համար, որովհետեւ երաժշտական փիլիսոփայութիւնս միշտ եղած է՝ «Երաժշտութիւն առանց սահմաններու» նշանաբանը։

ՏՄԿ- Առաջին անգամ որո՞ւ հետ կը բաժնեկցիք նոր յօրինումի ուրախութեան պահը եւ ինչպիսի՞ հոգեկան գոհունակութիւն կը զգաք այդ առիթով։

ՍԳ- Շատ հետաքրքրական հարցում է այս մէկը։ Յաճախ տարբեր կ’ըլլայ։ Ընդհանրապէս առաջին անգամ յօրինումս կը բաժնեկցիմ ինծի մօտ անձերու (ընտանիքի անդամներէն մէկը, ընկեր մը կամ բարեկամ մը), մարդիկ որոնք երաժիշտ չեն, նախընտրելով իմանալ ունկնդիրի՝ իրենց անկեղծ կարծիքը եւ զգացած յոյզերը ։

Ես պարզապէս իրենց կը հարցնեմ՝ «Եթէ ժողովուրդին հետ նստած էք, ապա ի՞նչ կը զգաք, կը մտածէք եւ ի՞նչ զգացումներ կը շարժէ ձեր մէջ այս երաժշտութիւնը ունկնդրելով», անշուշտ կ’ուզեմ, որ անոնք անկեղծ ըլլան եւ ըսեն թէ ինչո՞ւ սիրեցին կամ չսիրեցին այդ յօրինումը։

Գործ մը ստեղծելու խոր զգացումի ուրախութիւնը, զաւակ մը ունենալու ուրախութեան կը մօտենայ` անգամ մը յօրինումը վերջացուցած պահուդ, անգամ մըն ալ առաջին անգամ բեմէն ներկայացուելու պահուն։ Տուեալ ստեղծագործութիւնը երբեմն կու գայ մէկ կաղապարի մէջ՝ 5-6 վայրկեան կը նուագեմ եւ կը կարծեմ, որ հոն որեւէ բան փոխելու կարիք չկայ, սակայն յաջորդ օրը դարձեալ կը լսեմ յօրինումս եւ նախորդ օրուան լաւատեսութիւնս տեղին չ’ըլլար, հետեւաբար որոշ բաներ կը փոխեմ… երբեմն ալ ճիշդ հակառակը` կատարեալ կ’ըլլայ ան, վերջակէտը կը դնես ու քանի մը անգամ լսելէ ետք գոհ կ’ըլլաս արդիւնքէն։

ՏՄԿ- Համաշխարհային մաշտաբով հռչակաւոր, մրցանակակիր երաժիշտ-երգահան էք, բայց վստահ եմ, որ տակաւին երազներ ունիք կատարելիք եւ նպատակներ` իրագործելիք։ Կրնա՞նք խօսիլ այդ ուղղութեամբ։

ՍԳ- Արուեստագէտ կամ ոչ, ամէն մարդու համար կարեւոր է իրագործելիք նպատակներ եւ երազանք ունենալը, բայց աւելի կարեւորը զանոնք իրագործելու ձեւերը գտնելն է։ Արուեստագէտի մը համար նպատակներուն հասնիլը կախում ունի իր անհանգիստ եւ նուաճումներով բաւարարուած չըլլալու վիճակին մէջ գտնուելէն, այսինքն՝ երբ բաւարարուած ես նուաճումներովդ, պատճառ չես գտներ աւելին երազելու։ Ես այդ դրական անհանգստութեան մէջ կ’ուզեմ գտնել ինքզինքս միշտ, որպէսզի չդադրիմ երազելէ եւ նպատակներ իրագործելէ։

Երազներս ու նպատակներս բազմազան են, եւ բազմաթիւ ծրագիրներով յագեցած։ Առաջինը` միշտ ուզած եմ արուեստիս ընդմէջէն աշխարհը դրականօրէն փոխել, այսինքն՝ կը փորձեմ արուեստս ըմբոշխնած ունկնդիրին մտքին մէջ եւ հոգիէն ներս յորդող յոյզերու աղբիւրը նոր դռներ բանալու առիթ տայ. հանդիսատեսիս այդ զգացումները բաժնելով կ’աշխատիմ միշտ լաւագոյնս տալ անոր եւ այս ամէնը կը բխի իմ բծախնդրութենէս։ Երկրորդը՝ հայկական երաժշտութիւնը ամենաբարձր, զուտ եւ նորարար ձեւով ներկայացնելն է օտար հանդիսատեսին, որպէսզի ան ճանչնայ հայ երաժշտութիւնը եւ բարձր գնահատէ զայն, իսկ հայ հանդիսատեսի պարագային` հայկական նորաոճ ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն գիտնայ անոր արժէքի բարձրութիւնը։ Երրորդը` բազմակի միջոցներով հանդէս գալ ո՛չ միայն իբրեւ մենակատար դաշնակահար, այլ նաեւ որպէս կամերային երաժիշտ, մեծ համերգներու ծրագրեր կազմակերպող, յօրինող եւ մշակող, որովհետեւ եթէ միայն դաշնակահար ըլլայի, ապա` ձանձրացուցիչ պիտի ըլլար ստեղծագործական կեանքս։

«Երազներս ու նպատակներս բազմազան են, եւ բազմաթիւ ծրագիրներով յագեցած»: (լուսանկարը տրամադրած է Սէրուժ Գրաճեանը)

Չորրորդը` երաժշտութիւնը առանց սահմաններու, ուր նորարար եւ ստեղծագործ երաժիշտը կրնայ տարբեր մշակոյթներու երաժշտութիւնը միախառնելով մէջտեղ բերել հանդիսատեսը գրաւող բազմազանութիւնը։

Ուրախ եմ ըսելու, որ եկող մէկ տարուան ընթացքին նախoրոք նշած կէտերս միատեղ պիտի իրականանան, որովհետեւ «Հազարան բլբուլ» հեքիաթի հիման վրայ յօրինած անգլերէնով նոր օփերաս պիտի ներկայացուի` Canadian Children’s Opera Company-ի կողմէ եւ մօտաւորապէս հարիւր հայկական արմատներ չունեցող գանատացի երեխաներ պիտի երգեն հայերէն եւ անգլերէն։ Կը կարծեմ առաջին անգամն է, որ հայկական հեքիաթի մը հիման վրայ անգլերէն օփերա մը կը ներկայացուի։ Երկրորդը` «Սէր եւ ոյժ» նոր ծրագրիս առաջին ներկայացումն է, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, որմէ ետք նոյն ծրագրով պիտի շրջագայիմ աշխարհով մէկ: Մասնաւորապէս այս ծրագրի մէջ է, որ զանազան ոճերու երաժշտութիւնը, 2 ժամուան տեւողութեամբ, ունկնդիրին կը տանի յոյզերու եւ զգացումներու իւրայատուկ ճամբորդութեան մը։

«Կոմիտաս՝ Գանատական պարգեւ» համերգը, որ տեղի ունեցաւ 25 Հոկտնեմեր 2019-ին, նախաձեռնութիւնն էր Սէրուժ Գրաճեանին (տեսերիզ՝ Սէրուժ Գրաճեանի YouTube-ի ալիքէն)

Կայ նաեւ այլ ծրագիր մը` «Սփիւռքեան կամուրջներ» խորագիրով, որ կը խորանայ երաժշտութեան սփիւռքի երեւոյթին ազդեցութեան վրայ: Հոս` ոչ միայն հայկական սփիւռքի երաժշտութեան մասին է խօսքը, այլ նաեւ` հրէական, յունական, արաբական, ափրիկեան, բնիկ գանատացիներու (Indigenous Canadian) երաժշտութեան, որոնք ապրելով իրենց երկրէն դուրս միախառն եւ նոր երաժշտութիւն ստեղծած են, առանց իրենց արմատները եւ մշակոյթը մոռնալու։ Հինգ համերգներով ընթացող ծրագիր մըն է այս, որ ֆիլմի ձեւով, բազմաթիւ ազգերու երաժշտութիւնը պիտի ներկայացուի Թորոնթոյի մէջ։ Ֆիլմի ներկայացումէն ետք է, որ համերգներ պիտի տրուին Գանատայի տարածքին։


Հարցազրոյցին Բ. մասը՝ շուտով