The Culture Tripը Հայաստանը Ներառած է Աշխարհի Հնագոյն Երկիրներու Շարքի


The Culture Trip կայքը Հայաստանը ներառած աշխարհի հնագոյն երկիրներու եւ ազգերու շարքին: The Culture Trip կը գրէ, որ Հայաստանը յայտնի է իր մեծ սփիւռքով:

Կայքը կը նշէ, որ հայերը այդ տարածքին մէջ կը բնակին արդէն շուրջ 2600 տարիէ, իսկ հայերուն մասին առաջին յիշատակումներուն կը հանդիպինք Ք.ա. 6րդ դարուն:

«Երեւանը` Հայաստանի մայրաքաղաքը, հիմնադրուած է Ք.ա. 782ին: Հայերը նաեւ առաջինն էին, որ 301 թուականին ընդունեցին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, եւ երկիրը այսօր խստօրէն հաւատարիմ կը մնայ Հայկական առաքելական եկեղեցիին», կը գրէ The Culture Tripը: Կայքը կը նշէ նաեւ, որ 1915-1916ներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուած է:

Հայաստանէն բացի աշխարհի ամենահին ազգերու եւ երկիրներու շարքին յայտնուած են Յունաստանը, Չինաստանը, Փորթուկալը, Ֆրանսան, Ճափոնը, Իրանը, Սան Մարինոն, Եթովպիան ու Եգիպտոսը:

Նշենք, որ The Culture Trip կայքը գրասենեակներ ունի Լոնտոնի, Նիւ Եորքի եւ Թել Աւիւի մէջ: Անիկա ամսական ունի աւելի քան հինգ միլիոն այցելու, հասարակական ցանցերու մէջ՝ շուրջ 1.5 միլիոն հետեւորդ: