WannaCry Վարակը Վնաս Հասցուցած Է Նաեւ Հայաստանի Համակարգիչներուն


«Թերթ»․- Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան յայտնած է, որ WannaCry վարակը վնասած է նաեւ հայաստանեան համակարգիչներու:

«Երրորդ օրն է, որ վարակը կը տարածուի, աշխարհով մէկ վարակած է մօտ 200 հազար համակարգիչ: Հայաստանի մէջ, կը կարծեմ, մօտ 1000 կամ 1000ին չի հասնիր», յայտնած է Սամուէլ Մարտիրոսեան եւ աւելցուցած, որ այժմ այդ ալիքը կանգ առած է, որովհետեւ անիկա ունէր անջատելու յատուկ տարբերակ:

Մարտիրոսեանի համաձայն՝ այս պահուն Հայաստանի տարածքին նշեալ վարակով վարակուելու լուրջ ալիք չկայ, սակայն ան չի բացառեր, որ յետագային վարակի ալիքը դարձեալ հասնի Հայաստան:

Նշենք, որ «սայպըր» (cyber) անվտանգութեան բնագաւառի մասնագէտներու կարծիքով՝ աւելի քան 1.3 միլիոն համակարգչային համակարգեր մինչեւ հիմա խոցելի են WannaCry վարակէն, որուն միջոցով Մայիս 12ին համաշխարհային գրոհ  իրականացուած է, եւ նոյն գրոհը կրնար վերսկսիլ Մայիս 15ի առաւօտուն: