Ազրպէյճան Հայերու Նկատմամբ Պետական Բարձր Մակարդակով Ատելութեան ու Թշնամանքի Քաղաքականութիւն Կը Վարէ


ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեան Ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով կը բարձրաձայնէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը (և իշխանութեան միւս մարմինները) ողջ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի բնակչութեան մասին կը խօսին էթնիկ զտումներու ու ցեղասպանութեան բացայայտ սպառնալիքներով:  

Ըստ Թաթոյեանի՝ անոնք բացահայտ կը վիրաւորեն հայ ժողովուրդի արժանապատւութիւնը, կը հրահրեն թշնամանք, եւ ատիկա կ՛ընեն աշխարհի իւրաքանչիւր հայու, Հայաստանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր մարդու անձնական արժանապատւութիւնը նուաստացնելու նպատակով: 

Թաթոյեանի խօսքով՝ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի մշտադիտարկումը կը հաստատէ, որ խօսքը հայերու նկատմամբ պետական բարձր մակարդակով խորքային ատելութեան ու թշնամանքի քաղաքականութեան մասին է: Անիկա կը կրէ համակարգային բնոյթ ու հիմնականօրէն ունի էթնիկ, իսկ առանձին պարագաներու՝ նաև կրօնական բնոյթ: 

«Միշտ պետք է հաշուի առնել նաև Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէ Արցախի մէջ 2020-ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու պատերազմի համեմատութիւնները Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան, Պաքուի մէջ հայերու զանգուածային ջարդերու հետ՝ օրինակ 2020-ի Դեկտեմբեր 10-ի ելոյթներով անոնց կազմակերպիչներուն ու կատարողներուն, ներառեալ՝ Կովկասեան իսլամական բանակի անդամներուն գովերգելը: 

Սկզբունքային հարց է, որ այս պատերազմի ընթացքին հայկական կողմի զինուորականներն ու քաղաքացիական անձերը խոշտանգելու, կենդանի վիճակի մէջ գլխատելու, զոհուածներու մարմինները անարգելու ու այլ վայրագութիւններ կատարելու ժամանակ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողները կ՛օգտագործեն այն նոյն բառերն ու արտայայտութիւնները, ինչ որ Ազրպէյճանի նախագահը», գրած է ՄԻ Պաշտպանը: 

Աւելին, ըստ Թաթոյեանի, Ազրպէյճանի նախագահին ու այլ հանրային գործիչներու արտայայտութիւնները դարձած էին այս պատերազմին մէջ հայերու նկատմամբ դաժանութիւնները ոգեշնչող կարգախօսներ (օրինակ՝ «ազրպէյճանական զինուորները կը քշեն զանոնք ինչպէս շուներ», «Հայաստանը արժէք չունեցող երկիր է…ան ազրպէյճանական հինաւուրց հողերու վրայ ստեղծուած արհեստական պետութիւն է», «Ազրպէյճանը կու գայ վերջ տալու հայկական հարսանիքներուն» և այլն): 

«Այսինքն՝ ակնհայտ է, թէ որոնք են պատերազմական այդ յանցագործութիւններու իրական պատճառները: Աւելին, այդ ազրպէյճանական զինուորականները կը հպարտանան վայրագութիւններով՝ ակնյայտ իմանալով, որ ատոր համար իրենց երկրին մէջ միայն պիտի խրախուսուին ու պիտի արժանան գովասանքի», ըսուած է Թաթոյեանի գրութեան մէջ: 

ՀՀ ՄԻՊը ներկայացուցած է քանի մը ապացոյց, իսկ մնացած մասը արտացոլուած է Հայաստանի ու Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու 2020 թուականի համատեղ արտահերթ զեկոյցին մէջ: