«Ակունք»․- ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կամ Մայր տաճարը պիտի վերակագնուի:
Տաճարի վերականգման ուղղութեամբ տեխնիկական աշխատանքները արդէն սկսած են: Ըստ աղբիւրին՝ տաճարը պիտի վերականգնուի` բնօրինակին հաւատարիմ մնալով:
Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեճմեթին Ալփը նշած է, թէ վերականգնողական աշխատանքներուն պիտի սկսին այս ամիս՝ աւելցնելով, որ «Ամառնային ամիսներուն լուրջ վերականգնողական աշխատանքներ պիտի իրականացուին: Կարեւոր քայլ կատարուած է` այս նշանաւոր յուշարձանի պահպանման ուղղութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ Անիի Մայր տաճարը հիմնադրուած է 989ին հայոց թագաւոր Սմբատ Երկրորդ Տիեզերակալի կողմէ: Տաճարի շինարարութիւնը աւարտած է 1001ին հայոց թագաւոր Գագիկ Առաջին Բագրատունիի կնոջ` թագուհի Կատրամիդէի կողմէ: Կոթողը կառուցած է Տրդատ ճարտարապետը: