ԱԳ նախարարներ Մելանի Ժոլիի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Միւնիխի մէջ, 19 Փետրուար 2020
Փետրուար 19-ին, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ:
Արտաքին Գործոց նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր արժէքներու` ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ հիմնուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Նախարար Ժոլի վերահաստատեց Գանատայի աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին:
Երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնուեցին գործնական քայլեր ձեռնարկելու հայ-Գանատական յարաբերութիւններու դրական զարգացումը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Զրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը կարեւոր հարցեր: