Արցախի Մէջ Ուսումնական Նոր Տարեշրջանին Սկիզբ Պիտի Առնէ «Երկարօրեայ Դպրոց» Ռազմավարական Ծրագիրը


Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 2021-ի Սեպտեմբերէն՝  ուսումնական նոր տարեշրջանին, պիկը սկսի «Երկարօրեայ Դպրոց» ռազմավարական ծրագիրը, որուն արդիւնքով եռամեայ ժամկէտով Արցախի բոլոր դպրոցներուն մէջ պիտի կիրառուի երկարօրեայ ծրագիրը։

Ծրագիրը նպատակ ունի աշակերտներուն ապահովել դասապատրաստում, ժամանց, մարզանք եւ առողջ սնունդ:

– բարձրացնել կրթութեան որակը` ամրապնդելով դասի ժամանակ ձեռքբերուած գիտելիքն ու հմտութիւնները,

– ապահովել դասապատրաստման հաւասար պայմաններ եւ ստեղծել ժամանցի նոր ձեւեր,

– ուժեղացնել աշակերտի կապը սեփական համայնքին հետ ու ստեղծել նոր աշխատատեղեր,

– աշակերտներուն համար ապահովել հաւասառակշռուած սնունդ,

– ուժեղացնել քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու գրաւիչ դարձնել Արցախի համայնքները:

«Երկարօրեայ դպրոց»  ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորեն սփիւռքի եւ տեղական հիմնադրամները, Արցախի եւ ՀՀ կառավարութիւնները պիտի ապահովեն մանկավարժներու վարձատրութիւնն ու վերապատրաստումը, համայնքները պիտի օգնեն շէնքային եւ այլ ներուժով, դպրոցի ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտներն ալ միասին պիտի ձեւաւորէն ու իրագործեն երկարօրեայի սեփական կարգացուցակը:

Առաջին փուլին ընգրկուած են 20 դպրոցներ: