Աշան գիւղէն համայնապատկեր մը
Արցախի Մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններ
—«Արցախը երբեք եւ որեւէ կարգավիճակով չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարեց Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ «Արցախի համար կայ յստակ սահմանուած գիծ` ․․․ Ամենացած նշաձողը, որ կրնանք դնել այն է, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները չեն կրնար ըլլալ առանց ինքնորոշման իրաւունքի: Ասկէ այն կողմ այլ իրաւունք չկայ», նշեց ան:
Ստեփանեան ըսաւ, որ 44-օրեայ պատերազմի ռազմական յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանական գործողութիւնները յստակ ցոյց կու տան Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան մասին։ Ըստ անոր՝ Շուշի քաղաքին մէջ սփռուող նոր ռատիոկայանով օրուան ընթացքին քանի մը անգամ հայերէնով հայատեացութիւն կը քարոզուի»:
—Մինսկի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր Հայաստան անցելութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս իր ստանձնած պարտականութեան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք Ապրիլ 19-ին վերահաստատեցին, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը կը տեսնեն Մինսկի խումբի գործունէութեան ծիրէն ներս։
—Միւս կողմէն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեգնանքով կը խօսի Մինսկի խումբի գործունէութեան մասին եւ կը նշէ, որ այդ խումբը ոչ թէ հարցը լուծելու համար ստեղծուած էր, այլ «Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքներու գրաւումը յաւերժացնելու համար»։ Ապրիլ 22-ին Շուշիի մէջ գումարուած Աշխարհի ազրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարի ընթացքին Ալիեւ սպառնալիքով յայտարարեց, որ «Եթե Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրէ և չճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք ալ պաշտօնապէս կը հրաժարինք ճանչնալէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»։
— Ապրիլ 11-ին ազրպէյճանցիները կրակած են Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղի համացանցի կապը վերանորոգող անձերու վրայ։ Գիւղին մօտակայ ազրպէյճանական դիրքերէն անոնք հրաձգային զէնքերէ կրակած են երեք աշխատողներու ուղղութեամբ։
— Մայիս 5-ին Արցախի Դրմբոն-Մարտակերտ ճանապարհին վրայ ազրպէյճանական ինքնաշարժներու շարասիւնին մաս կազմող բեռնատարին կողմէ վթարի ենթարկուած է դիմացէն եկող հայկական ինքնաշարժը, որ ինկած է ճանապարհի աջ կողմի ձորակը: Շարասիւնը առանց կանգ առնելու շարունակած է իր ընթացքը: Ոստիկանները կը քննեն վթարին պատճառները եւ բախումին դիտաւորեալ կամ անզգուշութեան հետեւանքով ըլլալը:
Աւելի ուշ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բէգլարեան յայտարարեց, որ ազրպէյճանական բեռնատարը դիտաւորեալ յանցագործութիւն կատարած է Մարտակերտի ճանապարհով գացող «Թումօ» կեդրոնի աշխատակիցներու ինքնաշարժին դէմ: «Վթարի հետեւանքով կեդրոնի մեքենան գլորուած է ձորը, հրաշքով բոլորը ողջ մնացած են, բայց ունին թեթեւ վէրքեր․․․»: Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան յայտարարեց, որ «յանցագործութեան այս գոծողութիւնը (վթարի վայրը լքելը) պէտք է պատշաճ կերպով եւ հրապարակայնօրէն հետաքննուի Ազրպէյճանի կողմէ: Արցախի կարգավիճակը քննարկելու ատեն` մարդու իրաւունքներու ոտնահարման նման դէպքերը պէտք է ըլլան լուծման հիմքը: Այս պատահարէն տուժածները արդարութիւն կ’ակնկալեն»:
Կեանքը Արցախի մէջ
—Մարտունիի Քերթ գիւղի բնակիչները օրուան մեծ մասը կ’աշխատին իրենց այգիներուն մէջ, հող կը մշակեն: «44-օրեայ պատերազմէն ետք գիւղին վարելահողերը անցած են թշնամիին վերահսկողութեան տակ, եւ այսօր բնակիչները հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ ու տնամերձ հողերուն մէջ բանջարեղէնի մշակութեամբ:
Այստեղ վերաբնակեցուած է տեղահանուած երեք ընտանիք, անոնք ապահովուած են բնակարաններով», տեղեկացուց գիւղապետ Գեղամ Լալայեան։ Գիւղին դպրոցը ունի 96 աշակերտ, մանկապարտէզը 32: «Պատերազմին վնասուած տուները այժմ կը վերանորոգուին, ճանապարհը ասֆալթապատուած է, կայ գործող համայնքապետարան, բուժկէտ, ակումբ, որոնց շէնքերը հին են եւ ունին վերանորոգման կարիք», ըսաւ ան։ Պատերազմին գիւղը ունեցած է ինը նահատակ։
— Մարտունիի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ անգործ մարդ չես տեսներ, բոլորը իրենց այգիները կը մշակեն, կը տեղեկացնէ գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեան։ «Հակառակ որ պատերազմին պատճառով գիւղին մօտ 300 հեկտար վարելահող մնաց թշնամիին տիրապետութեան տակ, բայց, գիւղացիներուն աշխատասիրութեան շնորհիւ մնացած 90 հեկտարէն 70-ին վրայ ցորեն ցանած ենք, մնացածին վրայ ալ՝ գարի։
Գիւղամերձ տարածքներուն մէջ բանջարեղէն՝ գետնախնձոր, լոլիկ, վարունգ, կաղամբ, կանաչեղէն։ Արօտավայրերու կորուստէն տուժած է անասնապահութիւնը։ Ունինք նաեւ թռչնաբուծութեամբ զբաղողներ», ըսաւ ան:
Գիւղապետը տեղեկացուց նաեւ, որ տղամարդիկ կ’աշխատին իրենց խաղողի այգիներուն մէջ, եւ այս տարի եւս գիւղը թութի օղիի պակաս, հաստատ, չի ունենար: Գիւղը ընդունած է տեղահանուած հինգ ընտանիք։ «Գիւղին կեդրոնը կը գտնուի խաղավայր, որ կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ ցանկապատուած է, իսկ «Թուֆենկեան» հիմնադրամը՝ նոր սարքեր տրամադրած: Դպրոց կը յաճախէ 57 աշակերտ: Կառավարութեան եւ «Թուֆենկեան»ի կողմէ դպրոցի նոր շէնք կը կառուցուի»: 44-օրեայ պատերազմին գիւղի պաշտպանութեան համար նահատակուած են տասնմէկ քաջորդիներ:
— Մայիս 1-ին, Մարտունիի սահմանամերձ դարձած Կարմիր Շուկայ համայնքի հիմնադրման օրն է: Համայնքապետ Նարեկ Աթայեան նշեց, որ ժամանակին գիւղի տարածքին եղած է առեւտուրի շուկայ, ուր հայերու հետ միասին ազրպէյճանցիներ ալ կ’աշխատէին: Հայ վաճառականները օտարի լուծէն ազատուելու համար օգնութիւն խնդրած են ռուսական Կարմիր բանակայիններէն, որոնք օգնութեան հասած են:
Տեղացիներուն երազանքը իրականանալէն ետք` 1921-ի Մայիս 1-ին, կազմակերպուած է տօնակատարութիւն, երբ հարեւան թաղավարդցի կոմունիստ Աւանես Բեգլարեան, նայելով շուրջը եւ ամէնուր տեսնելով կարմիր դրօշներ, բաժակաճառի ժամանակ առաջարկած է բնակավայրը անուանել Կարմիր Շուկայ։ «Պատերազմէն ետք գիւղը դարձած է սահմանամերձ, եւ ամէն օր թշնամական դիրքերու ուղիղ նշանառութեան տակ մենք կը շարունակենք հաստատակամօրէն ապրիլ մեր բնօրրանին մէջ: Մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, լաւ կը գիտակցին, որ ասիկա մեր հայրենիքն է եւ մենք ենք անոր տէրը», ընդգծեց Աթայեան:
Գիւղին մէջ կը գործեն համայնքապետարանը, բուժկէտը, դպրոցը, մանկապարտէզը, ակումբն ու մշակոյթի տունը: «Ներկայիս գիւղացիք գիւղատնտեսական աշխատանքներով զբաղած են, այգի ու հող կը մշակեն, ծառ կը տնկեն, տուն կը կառուցեն ու այդպիսով Կարմիր Շուկան աւելի կը զարգացնեն», ըսաւ ան։
— Մարտունիի Աշան գիւղին մէջ վերակառուցուած է 900 մեթր ջրագիծի արտաքին ցանցը: «Գիւղի ջրամատակարարումը կ’իրականացուէր խափանումներով, բայց խմելու ջուրի խնդիր երբեք չենք ունեցած: Արտաքին ցանցի վերակառուցումը հնարաւորութիւն կու տայ, որ ջրային պաշարները աւելանան», ըսաւ գիւղապետ Արմէն Բալասանեան։
Անոր խօսքով՝ այս օրերուն գիւղացին կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: «Հաստատակամութեամբ լեցուած 451 բնակիչ ունի մեր գիւղը։ Կը գործեն մանկապարտէզը, բուժկէտն ու համայնքապետարանը: Պատերազմէն ետք Աշան հաստատուած է տեղահանուած վեց ընտանիք, եօթը տուն ալ վերանորոգուած է այլ ընտանիքներու տրամադրելու համար», ըսաւ ան:
— Մայիս 3-ին, Ստեփանակերտի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ «Աշխարհն առանց պատերազմի» խորագիրով ցերեկոյթ: Ներկաները նախ ծաղիկներ խոնարհեցին դպրոցի զոհուած շրջանաւարտներու յիշատակի յուշատախտակին առջեւ, ապա աշակերտները հանդէս եկան բանաստեղծական ու երաժշտական կատարումներով` եւս մէկ անգամ ոգեկոչելով Արցախեան բոլոր պատերազմներուն անմահացած քաջորդիներու յիշատակը:
— Ստեփանակերտի մէջ «Փրոջէքթ ՀՈՓ Արմէնիա» բարեգործական կազմակերպութիւնը կ’իրականացնէ գորգագործութեան եւ կարի անվճար դասընթացքներ: Դասընթացքի տեւողութիւնը մէկ ամիս է, որմէ ետք մասնակցողներուն պիտի տրուի վերապատրաստման վկայական:
— Մայիս 6-ին, Ստեփանակերտի Սախարովի դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին անմահացած քաջորդիներու յիշատակին նուիրուած «Խիզախութեան ժամն է հասել» խորագիրով միջոցառում։
«Պէտք է հաւատանք, որ մեր երեխաները, իրօք, Արցախը պիտի վերադարձնեն մեզի: Բայց պէտք է ցանկանք, որ այդ վերադարձը ըլլայ ոչ թէ զէնքի, այլ գիտելիքի, մտքի ուժով» ըսաւ դպրոցի տնօրէն Լէովա Գէորգեան:
— Մեսրոպ Մաշտոց համալսրանին մէջ, Մայիս 6-ին, կազմակերպուեցաւ Արիութեան դաս` նուիրուած մայիսեան եռատօնին:
Կարեւոր համարելով բանակ-համալսարան կապն ու կրթութիւնը երկրի անվտանգութեան ապահովման համար` համալսարաններուն մէջ արդէն աւանդոյթ դարձած է ամէն տարի Արիութեան դասեր կազմակերպելը:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Պաշտպանութեան Բանակէն եւ Կրթութեան Նախարարութենէն ներկայացուցիներ։ Անդրադարձ եղաւ շարք մը հարցերու, որոնք կը վերաբերին ներկայ իրավիճակէն դուրս գալուն, երկրի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան: