«Բառիկ». Հայերէնի Բառապաշարդ Հարստացնելու Նոր Նախաձեռնութիւն Մը


Հայրենադարձ Շահէն Արաբօղլեանի եւ Սուրէն Փափազեանի կողմէ պատրաստուած «Բառիկ» անունով բառախաղը հայերէնի բառապաշարդ հարստացնելու եւ նոր բառեր սորվելու խրախուսելի նախաձեռնութիւն մըն է։

Parig.xyz կայքին մէջ խաղի տեսքով եւ օրական դրութեամբ կրնաս կռահել թաքնուած բառը 6 փորձ կատարելով։ Ամէն մէկ կռահումէ ետք, տուփիկներուն գոյները կը փոխուին, ցոյց տալով՝ որքան մօտեցած ես պատասխանին․ օրինակ կանաչ գոյնով տուփիկին մէջի տառը ճիշդ տառն է, ճիշդ տեղը, դեղին գոյնը՝ ճիշդ տառը սխալ տուփիկի մէջ, իսկ մոխրագոյնը՝ սխալ տառ է։

Օրուան բառը գտնելէ ետք կը ստանաս գնահատականդ, սպասելով յաջորդ օրուան քեզի հրամցուելիք բառին։

Համահեղինակ Շահէն Արապօղլեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը նշէ, որ «խաղը տակաւին մշակման մէջ է դեռ բառեր կ’աւելնան եւ ուղղումներ կը կատարուին»։