Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիս 14-ին տեղեկացուց, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև զարգացող լարուածութեան մասին, յատկապէս հայկական տարածքէն ներս ներխուժման ու ներթափանցման տեղեկութիւններու առնչութեամբ։
«Մենք հակամարտ կողմերուն կը յորդորենք յարգել Նոյեմբեր 10-ին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագիրը և շարունակել բանակցութիւնները կայուն և խաղաղ կարգաւորման համար: Պետք է դադրեցուին բոլոր գործողութիւնները, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը », նշած է նախարարը իր հրապարակման մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի սահմանատարածքին վրայ ազրպէյճանական շարունակուող ներթափանցումի արարքներուն գծով՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայէն կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ կատարուող սահմանային օրինախտումները։