Գանատայի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներ Մելանի Ճոլիի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի նախարարներու համաժողովի ծիրէն ներս
(Ալիք Մետիա),- Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի ԵԱՀԿ–ի մէջ հանդիպած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Ճոլին Թուիթըրեան գրութեամբ Գանատայի անունէն համերաշխութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին:
Մելանի Ճոլի օրերս յորդորած էր լարուածութիւնը թուլացնելուն ուղղուած քայլերու դիմել` ընդգծելով, որ միայն այդ կերպով հնարաւոր պիտի ըլլայ գտնել հակամարտութեան խաղաղ լուծումը:
«ԵԱՀԿ–ի մէջ հայ գործընկերոջս հետ հանդման ընթացքին վերահաստատեցի, որ Գանատան խորապէս մտահոգուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախումով, որուն հետեւանքով հայ զինծառայողներ զոհուած են», նշած է է գանատացի նախարարը:
