Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան կը ներկայացնէ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնը։
Շողիկ Ճելլատեան
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի թատերական յանձնախումբը առիթը ընծայեց Թորոնթոհայ գաղութին ներկայ գտնուելու «Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնին , որ տեղի ունեցաւ 1 Մարտ 2019-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Թատրոնի հեղինակը, բեմադրիչն ու մենակատարն էր Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան , որ յատկապէս հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներէն:
Բացման խօսքը կատարեց Տարօն Հալլաճեան՝ ներկայացնելով Տոքթ. Մարգարեանի կենսագրականը․ Ան եղած է բանաստեղծ, խմբագիր, թատերագիր, դերակատար, փրոֆէսոր, թարգմանիչ, բեմադրիչ եւ հռետոր: Ծնած է Պասրա՝ Իրաք, 1938-ին Մեծ Եղեռնէն ազատած Վասպուրականցի ծնողներէ: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու, բեմադրած եւ ղեկավարած է 55 թատերախաղեր, հրատարակած է 10 թատերախաղեր եւ բանաստեղծական հատոր մը:15 տարի մաս կազմած է «Բագին» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին:Կատարած է թարգմանական աշխատանքներ: Իր թատերական գործերը ներկայացուած են՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Անգլիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ան արժանացած է բազմաթիւ գնահատագիրներու, կոչումներու եւ մետալներու հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան բեմադրած է « Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնը իր ծննդեան 80-ամեակին եւ գործունէութեան 65- ամեակին առթիւ: Ան բնութագրուած է որպէս հայրենիքի եւ մշակոյթի նուիրուած անձնաւորութիւն: Ան ընտրած է Խրիմեան Հայրիկի տիպարը՝ հասարակական- քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչը, մեր պատմութեան ամենաեզակի դէմքերէն մէկը:Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը՝ Մկրտիչ Ա․ Վանեցին, 1892-1907թուականներուն իր ազգանուէր գործունէութեան համար ժողովուրդի կողմէ կոչուած է Հայրիկ: Ան իր ազգանպաստ գործունէութեան ձիգ ու քարքարոտ ճանապարհին առաջնորդուած է սևեռուն գաղափարով մը՝ ազատագրել Հայաստանը բռնատիրութեան ճիրաններէն, աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն հաւաքել հայրենիքի մէջ, հոգեւոր ու նիւթական բոլոր ուժերը կեդրոնացնել երկրին մէջ և ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի այլևս հայը չհեռանայ իր դրախտանման հայրենիքէն։ Զինք կը տանջէր այն պարագան, որ գեղջուկը հարկադրուած կը ձգէր իր սրբազան հողը ու կ՛երթար օտար երկինքներու տակ: Ըստ անոր՝ գաղթավայրը որքան ալ բարգաւաճ ու խոստումնալից է, պանդուխտ հայու համար դրախտավայր չէր կրնար ըլլալ: Ներկայացման ընթացքին Տոքթ. Մարգարեան իսկապէս յաջողեցաւ մարմնաւորել եւ միաձուլուիլ Խրիմեան Հայրիկի կերպարին հետ: Խրիմեան Հայրիկ հարազատօրէն ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին որպէս հայ ժողովուրդի ցանկութիւններու, մտահոգութիւններու եւ ցաւերու հայելին: Մօտ մէկ ժամ տեւողութեան մենաթատրոնը իսկապէս սոսկ ներկայացում մը չէր, այլ իրականութեան ցոլացումը: Հանդիսատեսին կը թուէր, որ Խրիմեան Հայրիկ անձամբ ներկայ էր եւ կը փոխանցէր իր պատգամը, որ հայ ազգի բարձրագոյն նպատակները կրնան իրագործուիլ միութեան, ուժի, զէնքի եւ կամքի միջոցով:Այս առթիւ կարելի է յիշել Խրիմեան Հայրիկի իմաստալից խօսքերէն մէկը․ «Ժողովուրդ հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքն ինչ կրնար գործել և կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի և օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացիներ, երբ հայրենիք վերադառնալու լինիք, ձեր բարեկամաց և ազգականաց իբրեւ պարգեւ մէկ–մէկ զէնք տարէք, զէնք առէք և դարձեալ զէնք:Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծափողջոյններով գնահատեցին հմուտ եւ բազմատաղանդ դերակատարը:Մենաթատրոնը ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն,ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի հանդիսատեսին։