«Սփութնիք».- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի բնակիչները իրենց փորձով գիտեն ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին: Գիւղը կը գտնուի ազրպէյճանական մարտական դիրքերուն շատ մօտ , եւ բնակիչներուն տուները պարբերաբար կ՛ենթարկուին գնդակոծութեան խոշոր տրամաչափի գնդացիրներէ: Սակայն, ինչպէս կը հաւաստիացնէ գիւղապետ Նարեկ Սահակեան, մարդիկ չեն պատրաստուիր լքելու իրենց տուները:
«Գիւղական դպրոցէն մինչեւ մօտակայ ազրպէյճանական դիրքի հեռաւորութիւնը մօտ 800 մեթր է: Գնդակոծութեան վտանգ գոյութիւն ունի որեւէ ատեն, բայց մարդիկ արդէն վարժուած են», կը յայտնէ Սահակեան:
Իրավիճակը յատկապէս սրուած է 2014էն: Ատկէ ետք ազրպէյճանական առաջաւոր ստորաբաժանումները պարբերաբար գնդակոծած են գիւղի դպրոցն ու մանկապարտէզը, բնակիչներու տուներն ու մեքենաները: Այս տարի իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է. երեք ամսուան մէջ տեղի ունեցած է գնդակոծութեան մէկ–երկու դէպք:
Գիւղապետը կը նշէ, որ 2016ի Ապրիլին`քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, գիւղի բնակիչները ձեւաւորած են կամաւորական գումարտակ, որ աւելի քան 40 օր հայոց բանակի հետ միասին պաշտպանած է Ազրպէյճանի հետ սահմանի` անոնց վստահուած հատուածը: Հետաքրքրական է, որ ապրիլեան թէժացման օրերուն ազրպէյճանական կողմը գրեթէ չէ կրակած Բաղանիսի ուղղութեամբ:
«Հաւանաբար, Պաքուի մէջ այդ ժամանակ չեն համարձակած պատերազմելու երկու ճակատով եւ թէժացումը տեղափոխել հայ–ազրպէյճանական սահման», կ՛ըսէ ան:
Այս տարիներու ընթացքին բնակիչները, բանակային ստորաբաժանումներու հետ միասին, երկրաչափական մեծածաւալ աշխատանք կատարած են` ազրպէյճանական գնդակոծութիւններէն մարդիկ պաշտպանելու նպատակով: Սահակեանի խօսքով` մարդիկ չեն շտապեր լքել գիւղը` ըսելով, որ «Ֆրանսայի կամ Ռուսիոյ մէջ աւելի անվտանգ չէ»:
Բաղանիսը այժմ ունի 830 բնակչութիւն, տնտեսութիւններու թիւը` 262: Սահակեանի խօսքով` այս տարի ոչ մէկ գիւղացի լքած է գիւղը: Իսկ անցած տարի գիւղը լքած է միայն մէկ ընտանիք: Այս պահուն մանկապարտէզ կը յաճախէ 18 երեխայ, իսկ դպրոցը ունի 100 աշակերտ։
Վերջին տարիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը շարք մը միջոցներ ձեռնարկած է` մարդոց ընկերա-կենցաղային եւ տնտեսական պայմանները բարելաւելու համար: Ատոնք ելեկտրականութեան, կազի, ոռոգման ջուրի զեղչերն են, անասնաբուծութեան եւ գիւղատնտեսութեան համար արտօնեալ պայմանները: Եւս նախագիծ մը կ՛իրագործէ «Փարոս» հիմնադրամը: 2015էն սկսած` հիմնադրամը բազմազաւակ ընտանիքներուն (երեք եւ աւելի երեխաներ) 2000ական տոլար կը յատկացնէ` անասնաբուծութեան զարգացման համար: Ներկայիս գիւղին մէջ կան 22 բազմազաւակ ընտանիքներ, որոնցմէ 11ը արդէն դարձած են այդ ծրագրի շահառուներ:
Կան ծրագիրներ սունկերու եւ տնական ոգելից խմիչքներու արտադրութիւն համար: