ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» կլոր սեղան քննարկման, որ կազմակերպուած էր Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, INSEAD գործարարութեան դպրոցի եւ Քորնել համալսարանի կողմէ` Նիւ Եորքի մէջ:
Նորարարութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներու, ակադեմիական շրջանակներու, ՄԱԿի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած ձեռնարկին քննարկուած են նորարարութեան դերը` տնտեսական աճ եւ կայուն զարգացում խթանելու առումով, 2017ի վարկանիշաւորման արդիւնքներն ու մեթոտաբանութիւնը:
Հայաստանի օրինակով արձանագրուած է, որ նորարարութիւնը չի սահմանափակուիր տնտեսութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար երկիրներով:
«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշաւորման համաձայն, Հայաստանը կ՝ընդգրկուի «Նորարարական նուաճում արձանագրող» երկիրներու խումբին մէջ, ուր ներկայացուած է 17 զարգացող երկիր` նորարարութեան արդիւնաւէտութեան եւ կատարողականի բարձր ցուցանիշներով: «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ» զեկոյցը վարկանիշ կու տայ երկիրներու տնտեսութիւններու նորարարական ներուժին:
«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշը կազմուած է 81 չափորոշիչներու հիման վրայ` 127 երկիրներու տնտեսութիւններու համար (աշխարհի բնակչութեան 92.5%ը եւ համաշխարհային ՀՆԱի /համախառն ներքին արդիւնք/ 97.6%ը):