«Եու քոմ» հաստատութեան եւ «Ուորլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած «Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» բարեգործական նախագիծին շնորհիւ` «Եու քոմ»ի բաժանորդները անցեալ ամիս եւս աջակցեցան մէկ ընտանիքի` կայուն եկամուտի աղբիւր ստեղծելու գործին մէջ: Այս անգամ աջակցութիւնը տրամադրուեցաւ Արագածոտնի մարզի գիւղական համայնքներէն մէկուն մէջ բնակող երկու զաւակներու տէր` Սերոբի եւ Ծաղիկի ընտանիքին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ընտանիքը տեղափոխուած է համայնք, մէկ տարի առաջ: Ընտանիքի մօր առողջական խնդիրները լուծելու նպատակով անոնք ստիպուած` վաճառած են իրենց բնակարանը, իսկ մնացեալ գումարով` գիւղէն տուն գնած: Զաւակներէն Քնարիկը դպրոց կը յաճախէ, իսկ երկու տարեկան Գայեանէն տունն է` սիրող ու հոգատար ծնողներու եւ մեծ մօր ուշադրութեան տակ: Այս ընտանիքը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատ վիճակի մէջ: Տան մէջ չկայ որեւէ առողջապահական յարմարութիւն, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի ջեռուցման խնդիր:
Այս ընտանիքին չափահաս անդամները չունին հիմնական աշխատանք, իսկ անոնց եկամուտի միակ աղբիւրը Սերոբի եւ Գայեանէ մեծ մօր եղանակային աշխատանքն է` հովիւութիւնը եւ մօր` Ծաղիկի հիւանդութեան թոշակը: Համայնքին մէջ չկան աշխատատեղեր, եւ այս պատճառով կը բարդանայ կայուն եկամուտի ապահովումի հարցը:
«Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, հաշուի առնելով անասնապահութեան դերը ընտանիքի հասարակական-տնտեսական վիճակի բարելաւման գործին մէջ, Սերոբին տրամադրուած է կով, հաւ եւ անասնակեր` անասնապահական աշխատանքները սկսելու, սնունդի եւ վառելիքի հարցը որոշակի չափով լուծելու, ինչպէս նաեւ եկամուտ ապահովելու համար:
Ընտանիքին ծնողները վստահ են, որ այժմ արդէն կրնան ապահովել իրենց ընտանիքին առաջնահերթ կարիքները եւ երեխաները պահել տան մէջ` ծնողական հոգատարութեան տակ:
«Մենք շնորհակալ ենք «Եու քոմ»ի բաժանորդներուն` այս ծրագիրի կազմակերպման ուղղուած իւրաքանչիւր դրամի համար: «Եու քոմ» հաստատութիւնը, ինչպէս միշտ, կը կրկնապատկէ անոնց իւրաքանչիւր ներդրումը եւ ջանքեր կը գործադրէ, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ կրէ, եւ երեխաները մեծնան ծնողական սիրով ու ջերմութեամբ շրջապատուած», ըսած է «Եու քոմ» հաստատութեան տնօրէն Աշոտ Բարսեղեան:
«Ուորլտ վիժըն»ը բազմամեայ փորձ ունի խոցելի եւ անապահով ընտանիքներուն հետ աշխատանքի մարզին մէջ եւ իր փորձագէտներուն եւ ընկերային ծառայողներուն ջանքերով կը կազմակերպէ մասնագիտական աշխատանքներ` ընտանիքներու հետ մշակելով անհատական զարգացման նախագիծեր: Այս աշխատանքներուն առանցքային նպատակն է բարելաւել իւրաքանչիւր ընտանիքի ընկերային-տնտեսական վիճակը, որուն շնորհիւ ալ ծնողները կը շարունակեն երեխաները պահել ընտանիքի մէջ», ըսած է «Ուորլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղի ծրագիրներու տնօրէն Ժիրայր Էդիլեանը: