ԵՐԵՒԱՆ.- Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հռոմի պապը Չիթանովայի արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուըր նշանակած է Հայաստանի մէջ առաքելական նուիրակ:
Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր 14 Նոյեմբեր 2012էն ի վեր Սուրբ աթոռի պետական քարտուղարութեան արարողակարգի ղեկավարն էր: 26 Փետրուար 2018ին ան նշանակուած է պապական նուիրակ (եկեղեցական դիւանագէտ)՝ ստանալով Չիթանովայի արքեպիսկոպոսի կարգ: